Հպարտ Եմ, Որ Կողմ Քուէարկամ Եմ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին. ԱՄՆ Քոնկրէսական Զոի Լոֆկրեն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Քալիֆորնիայէն ընտրուած քոնկրէսական Զոի Լոֆկրեն անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ու յարգած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը:

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ 1lurer.am-էն եւ Զոի Լոֆկրենի անդրադարձը կը ներկայացնէ Արեւմտահայերէնով.

«Ամէն տարի Ապրիլ 24-ին Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի հայերը յիշատակի տուրք կը մատուցանեն Օսմանեան կայսրութեան օրօք համակարգուած կոտորածին զոհ դարձած հայերուն: Ցեղասպանութիւնը գագաթնակէտին հասաւ 1915 թուականին: Այս տարի կը նշուի այդ սարսափելու դէպքերուն ժամանակ 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կանանց ու երեխաներու կոտորածին 105-ամեայ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան կողմէն հայերու հետապնդումներն ու սպանութիւնները յանցանք են մարդկութեան դէմ: Այս տարի ոչ միայն կը նշուի զոհերու յիշատակի 105-ամեայ տարելիցը, այլեւ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՝ուղղուի դադրեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ես հպարտ եմ, որ անցեալ տարի կողմ քուէարկած եմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ԱՄՆ Քոնկրէսի բանաձեւին: Այժմ ԱՄՆ Քոնկրէսը այս հարցով պատմութեան իրական կողմն է: Եւ շատոնց արդէն ժամանակն է, որ Թուրքիան վերջ դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման»: