Category: Այլեւայլ
Օգտագործենք Օտար Բառերու Հայերէն Տարբերակը. ԲԱՌԱՐԱՆ
Արբիտր = դատաւոր ատեստաւորում = վկայութեան կանչել, վկայական տալ արսենալ = զինարան ատոմակայան = հիւլէական արգումենտ = վիճաբանութիւն աքզիոմա = անվիճելի, անհերքելի ասոցացում = նոյնացում
ՀՅԴ Երիտասարդները Մաքրած են Արձաններու Վրայի Հետքերը
Մարտ 14-ին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներուն կողմէ մաքրուած են Վարդան Մամիկոնեանի եւ Արմեն Տիգրանեանի արձաններուն պատուանդանները: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը քաղաքապետարանին կը հորդորէ յաւուր պատշաճի ուշադրութիւն դարձնել […]
Սփիւռքահայ Արուեստագէտներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս՝ Երեւանի ՄԷջ
Մարտ 15-ին, Երեւանի մէջ, Ալպերթ եւ Թովէ Պոյաճեան պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ եւ ֆրանսաբնակ յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեանի եւ հայրենադարձ քանդակագործ Գէորգ Ճորճ Գասսապեանի աշխատանքներու ցուցադրութիւնը: Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեան ծնած է Պէյրութ […]
ԲՀԿ Պատգամաւորները Խորհրդարանի Նիստերու Դահլիճ Մտան Ղարաբաղի Դրօշներով
Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին «Բրագաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամները Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճ մտան Արցախի Հանրապետութեան դրօշներով: ԲՀԿ պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան լրագրողներու հարցումին, թէ ինչ նպատակ կը հետապնդէ իրենց քայլը, ըսաւ. […]
Հայաստանը Մասնակցած է «ITB Berlin – 2019» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին
Պեռլինի մէջ, Մարտ 6-10, տեղի ունեցած է «ITB Berlin – 2019» ամենամեայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական շուրջ 25 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, հիւրանոցներ ներկայացնող կազմակերպութիւններ, զբօսաշրջութիւն […]
2018-ին Արցախի Մէջ Ծնած է 2328 Երեխայ
2018-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ ծնած երեխաներուն թիւը կազմած է 2328, որ 8-ով պակաս է նախորդ տարուան համանուն ցուցանիշէն: Արձանագրուած է 1185 մահուան դէպք, որ նախորդ տարուան հետ համեմատած նուազած է […]
Դրմբոն Համայնքին Մէջ 11-13-րդ Դարերու Թուագրուող Խաչքարեր Բացայայտուած են
Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ բացայայտուած են նորայայտ խաչքարեր: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեանը՝ իր հերթական շրջայցին իբրեւ արդիւնք: Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով։
Օգտագործենք Օտար Բառերու Հայերէն Տարբերակը. ԲԱՌԱՐԱՆ
ասպեկտ = տեսք, երեւոյթ, ուղղութիւն ավտորիտար = ամբողջատիրական ատմիրալ = ծովակալ ատեստ = վկայել, հաստատել արբիտրաժային = իրաւարարական
Սրբուհի Սարգսեան Ներկայացուց Եւրոտեսիլեան «Walking Out» Երգի Տեսահոլովակը
Սրբուհի Սարգսեան, որ աւելի շատ ճանչցուած է Սրբուկ անունով, «Եւրոտեսիլ 2019»-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ «Walking out» երգով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ սիրոյ եւ հիասթափութեան մասին պատմող ստեղծագործութեան խօսքերուն հեղինակը Գարիկ Պապոյեանն է: […]
Կը Մաղթենք Գարնանաբոյր Տրամադրութիւն, Անսահման Սէր ու Խաղաղութիւն. Հայ Օգնութեան Միութիւն
Կանանց միջազգային օրուան՝ Մարտ 8-ի առիթով՝ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը սիրով ու ակնածանքով կը շնորհաւորէ բոլոր մայրերը, կիներն ու աղջիկները եւ կը մաղթէ գարնանաբոյր տրամադրութիւն, անսահման սէր ու խաղաղութիւն: Թող […]









