Կը Մաղթենք Գարնանաբոյր Տրամադրութիւն, Անսահման Սէր ու Խաղաղութիւն. Հայ Օգնութեան Միութիւն

Այլեւայլ, Հայաստան

Կանանց միջազգային օրուան՝ Մարտ 8-ի առիթով՝ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը սիրով ու ակնածանքով կը շնորհաւորէ բոլոր մայրերը, կիներն ու աղջիկները եւ կը մաղթէ գարնանաբոյր տրամադրութիւն, անսահման սէր ու խաղաղութիւն: Թող որ երջանկութիւնը միշտ ապրի ձեր սրտերուն մէջ եւ շարունակէք ազնուօրէն ու անմնացորդ ծառայել ձեր ընտանիքներու բարօրութեան, հայրենիքի զարթօնքին ու առաջընթացին:

Հաւատարիմ իր հիմնադիրի՝ Խաչատուր Մալումեանի «Նայեցէ՛ք միշտ դէպի Երկիր» կոչին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը 1920-էն ի վեր իր կամաւոր առաքելութիւնը ծաւալեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մէջ։ Իսկ տասնամեակներ անց, երբ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը վերստին ազգային զարթօնքի օրեր կ՝ապրէին, վերադարձաւ Մայր Հայրենիք՝ հասարակական, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացումով օժանդակելու երկրաշարժի ու պատերազմի վէրքերու բուժման` այժմ անոնց աւելցնելով նաեւ սուրիահայ եղբայրներու եւ քոյրերու համար կեանքի կոչուող նախաձեռնութիւնները։

Հայ Օգնութեան Միութեան աշխարհասփիւռ միաւորները, գործելով հայրենի հողին վրայ եւ Սփիւռքի մէջ, հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսին, մեծ աւանդ ունեցան Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին եւ մինչ օրս ՀՕՄ-ը` իր կամաւորներով, մեծ եռանդով կը շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը եւ Սփիւռքը Հայրենիքին կամրջող առաքելութիւնը՝ կերտելով նոր, աւելի հզօր ու պաշտպանուած Հայաստան։