Սփիւռքահայ Արուեստագէտներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս՝ Երեւանի ՄԷջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Մարտ 15-ին, Երեւանի մէջ, Ալպերթ եւ Թովէ Պոյաճեան պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ եւ ֆրանսաբնակ յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեանի եւ հայրենադարձ քանդակագործ Գէորգ Ճորճ Գասսապեանի աշխատանքներու  ցուցադրութիւնը:

Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեան ծնած է Պէյրութ 1929-ին: Մանկութեան տարիները անցուցած է Զահլէ: Յաճախած  է Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը, այնուհետեւ` Փարիզի արուեստներու ազգային դպրոցը, Կոետսի ակադեմիա եւ Կրան Շոմիեր ակադեմիա: 1957-էն սկսած հանդէս  եկած է  շարք մը անհատական եւ այլ նկարիչներու հետ համատեղ ցուցադրութիւններով Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Դասաւանդած է Կոետսի ակադեմիոյ մէջ, որ 1983-ին վերանուանուած է Կոետս-Տատէրեան ակադեմիա (Acadռmie Goetz-Daderian):

Գէորգ-Ճորճ Գասապեան ծնած է Հալէպ: 1963-ին աւարտած է Հալէպի ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան դպրոցը, 1967-ին` Բրիտանական Ուսուցողական հիմնարկի Ճարտարագիտութեան բաժինը, 1969-ին` Թորոնթոյի համալսարանի Համակարգչային ծրագրաւորում բաժինը, 1973-ին` Արեւմտեան Օնթարիոյ համալսարանի գեղարուեստի բաժինը: 1977-1981 եղած է Tempo and screen printing center-ի, 1981-1999` Manufacturing polyurethane injection machinery-ի, 1999-1903` Canadian Polyurethane & Solar research center–ի սեփականատէր եւ գործադիր տնօրէն: 1975-էն Գանատայի քանդակագործներու հասարակութեան անդամ: