Տիգրանակերտի Մէջ Վառեցաւ Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերուն Երրորդ Ջահը

Արցախի Տիգրանակերտ պատմամշակութային արգելոցին մէջ, Յունիս 22-ին, վառեցաւ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն երրորդ ջահը: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ջահի վառման արարողութիւնը կատարուած է պատմական սենարով: Տիգրան Մեծ թագաւորը՝ ըստ ներկայացման՝ իր զօրախումբով Տիգրանակերտի […]

Մանսուրեանի 80-ամեակին Նուիրուած Միջազգային Փառատօնը՝ Սեպտեմբերին

Կառավարութիւնը Յունիս 20-ի նիստին որոշեց Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած միջազգային փառատօնի իրականացման նպատակով կառավարութեան պաhուստային ֆոնտէն 50 միլիոն դրամ յատկացնել «Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբ» պետական ոչ առեւտարային կազմակերպութեան: Հարցը ներկայացուց Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի […]

Հայաստանի Մէջ Ամուսնութիւնները Աւելցած Են, Ամուսնալուծութիւնները՝ Նուազած

Արդարադատութեան նախարարութեան «Քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման գործակալութիւն» կառոյցին տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 2019-ի առաջին հինգ ամիսներուն արձանագրուած են 6 հազար 97 ամուսնութիւններ, ինչ որ 2018-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 521-ով: […]

Կեանքի Կոչուեցաւ Սփիւռքահայերու Խորհրդատւութեան Գրասենեակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի մէջ կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակը: Գրասենեակին գործառոյթն է՝ խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել հայրենիքի մէջ հաստատուած հայրենակիցներուն, ճիշդ ձեւով ուղղորդել զանոնք՝ զանազան հարցերու լուծման համար։ […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի Նորաբաց Պատկերասրահին Մէջ Ներկայացուեցան Ժանսեմի Եղեռնի Թեմայով Կտաւները

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, առաջին անգամ, բացուեցաւ պատկերասրահ, ուր ներկայացուեցան «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի գեղանկարիչը» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմերճեան) «Եղեռն» […]

Հենրիկ Մխիթարեան Ամուսնացաւ Պեթի Վարդանեանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Անգլիոյ «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան Յունիս 17-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ պսակուեցաւ «Գրանդ Հոլդինգ»-ի սեփականատէրներէն Միքայէլ Վարդանեանի դստեր՝ Պեթի Վարդանեանի հետ: Թուիթըրի իր […]

Պիտի Բացուի «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի Գեղանկարիչը» Ցուցադրութիւնը

Յունիս 18-ին, ժամը 12:00-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ )վարչական մաս, գիտաժողովներու սրահին կից) տեղի պիտի ունենայ թանգարանի պատկերասրահի եւ մշտական ցուցադրութեան մաս կազմող «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի գեղանկարիչը» խորագիրով ցուցադրութեան բացումը: […]

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Հովանոցներու Փառատօն

Յունիս 16-ին` ժամը 18:00-ին, Ստեփանակերտի Նելսոն Ստեփանեանի անուան պուրակին մէջ պիտի կազմակերպուի հովանոցներու փառատօն: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  հովանոցներու փառատօն կազմակերպելու գաղափարին հեղինակ եւ նախաձեռնող Նատելլա Դանիէլեան ըսած է, որ փառատօնի ընթացքին […]