Պիտի Բացուի «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի Գեղանկարիչը» Ցուցադրութիւնը

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունիս 18-ին, ժամը 12:00-ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ )վարչական մաս, գիտաժողովներու սրահին կից) տեղի պիտի ունենայ թանգարանի պատկերասրահի եւ մշտական ցուցադրութեան մաս կազմող «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի գեղանկարիչը» խորագիրով ցուցադրութեան բացումը:

Ցուցադրուած պիտի ըլլան ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմերջեան) «Եղեռն» շարքէն 20 ստեղծագործութիւն:

 «Եղեռն» շարքը` 34 կտաւ, Ժանսեմը ստեղծած է պատկառելի տարիքին 1998-2001-ներուն:

 2002-ին Հայաստան կատարած իր այցելութեան ժամանակ նկարիչը իր «Եղեռն» շարքը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:

 «Թանգարան-հիմնարկին համար Ժանսեմի կտաւներու ցուցադրութեան կազմակերպումը սկզբունքային հարց է: Ուրախ ենք, որ, ի դէմս Արարատ թանգարանի, ունինք գործընկեր-աջակիցներ: Վերջիններուս հետ` միջթանգարանային համագործակցութեան ծիրէն ներս, 2019-ի Յունիս 18-ին այցելուներուն առջեւ պիտի բացուին ե՛ւ պատկերասրահը, ե՛ւ Ժանսեմի կտաւներու մշտական ցուցադրութիւնը»,- ըսած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:

 Պատկերասրահը բաց է Երեքշաբթիէն-Շաբաթ, ժամը` 10:00-16:30:

 Մուտքը վճարովի է, տոմսի արժէքը` 1000 դրամ:

 Տոմսերը հնարաւոր է ստանալ թանգարանի գրախանութէն:

 Ցուցադրութեան բացման օրը մուտքը անվճար պիտի ըլլայ։