Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կազմակերպուի Հովանոցներու Փառատօն

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունիս 16-ին` ժամը 18:00-ին, Ստեփանակերտի Նելսոն Ստեփանեանի անուան պուրակին մէջ պիտի կազմակերպուի հովանոցներու փառատօն:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  հովանոցներու փառատօն կազմակերպելու գաղափարին հեղինակ եւ նախաձեռնող Նատելլա Դանիէլեան ըսած է, որ փառատօնի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Awesome Foundation Artsakh / ՕՍՄ հիմնադրամ Արցախի ֆինանսական աջակցութեամբ եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի անմիջական օգնութեամբ տեղադրուած գունաւոր հովանոցներու արահետի բացման հանդիսութիւնը:

«Բացի ատկէ, պիտի յայտարարենք «Humans of Artsakh» նախաձեռնութեան կողմէ վերջերս յայտարարուած «Իմ Մեծ Ընտանիքը» խորագրով մրցոյթի յաղթողներուն անունները, որոնք մեր գործընկեր «Woodpeckers Wood Toys» արցախեան արտադրանքի կողմէ պիտի արժանանան խորհրդանշական նուէրներու: Ձեռնարկը պիտի կայանայ Ստեփանակերտի քաղաքային մշակոյթի տան տաղանդաշատ սաներու եւ ճանչցուած երգիչներու մասնակցութեամբ: Վառ գոյները եւ բարձր տրամադրութիւնը երաշխաւորուած են»,- նշած է Դանիէլեան: