Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Դարձեալ Արցախ Կը Գտնուի

Աշխարհ, Հայաստան

Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս դաձեալ Արցախ կ՛այցելէ։ Յունիս 13-ին ան հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ  Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։

Նախագային հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է Պարոնուհիին աջակցութիւնը Արցախին` ատիկա համարելով անշահախնդիր մարդասիրութեան եւ անկեղծ ընկերութեան օրինակելի դրսեւորում:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ հանդիպման ժամանակ նախարար Մայիլեան բարձր է գնահատած է Քերոլայն Քոքսի գործունէութիւնը` ուղղուած  միջազգային ասպարէզին մէջ Արցախի շահերու պաշտպանութեան, նշելով անկախութեան տարիներուն անոր անգնահատելի ներդրումը Արցախի ժողովուրդի պայքարին` յանուն իր գաղափարներու եւ նպատակներու իրականացման:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը, անդրադարձած Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան գործընթացի վերջին զարգացումներուն: Տեղի ունեցած է նաեւ մտքերու փոխանակում` Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու հետ կապուած շարք մը հարցերու շուրջ: