Հայաստանի Մէջ Ամուսնութիւնները Աւելցած Են, Ամուսնալուծութիւնները՝ Նուազած

Այլեւայլ, Հայաստան

Արդարադատութեան նախարարութեան «Քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման գործակալութիւն» կառոյցին տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 2019-ի առաջին հինգ ամիսներուն արձանագրուած են 6 հազար 97 ամուսնութիւններ, ինչ որ 2018-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 521-ով: Միւս կողմէ, ամուսնալուծութիւններուն թիւը նուազած է 151-ով։ 2019ի առաջին հինգ ամիսներուն արձանագրուած են 1506 ամուսնալուծութիւններ։

«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Լուսինէ Մարտիրոսեան: