Վահէ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ Սահմանադրական Դատարանի Դատաւոր

Հայաստան

Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան հրապարակեց Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար իրականացած փակ քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, 99 թեր, 22 դէմ քուէներով Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուեցաւ Վահէ Գրիգորեան:

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թափուր աթոռին համար առաջադրած էր Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը:

Մինչ այդ, խորհրդարանի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ Վահէ Գրիգորեանի ընտրութեան դէմ։ Ցուցարարները յայտնեցին, որ կը փորձեն ամէն գնով արգիլել այս ընտրութիւնը։ Անոնք կը պնդէին, որ Վահէ Գրիգորեան Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քատրն է, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարման տարիներուն Հայաստանի դատական համակարգը անկախ չէ եղած։ Բողոքի ցոյցին մասնակցողները նաեւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն եւ առանձին պատգամաւորներուն յորդորեցին քուէարկութենէն առաջ դրսեւորել խոհեմութիւն ու քուէարկել Հայաստանի Հանրապետութեան օգտին՝ չմտնելով ոչ օրինական քաղաքական գործարքներու մէջ եւ չստանձնել այդ պատասխանատուութիւնը:

«Այն պատգամաւորները, որոնք կը քուէարկեն Գրիգորեանի օգտին, ատով իսկ կը քուէարկեն գրպանային արդարադատութիւն ձեւաւորելու օգտին, հետեւաբար, մեր կոչն է պոյքոթել՝ օգտուելով քուէարկութեան փակ, գաղտնի բնոյթէն, չքուէարկել կամ դէմ քուէարկել թեկնածուին: Մերժելով Վահէ Գրիգորեանին՝ մենք «ո՛չ» կ՛ըսենք լեւոնիզմին, ֆաշիզմին, կամայականութեան, բռնութեան: Մենք չենք ցանկար, որ, ի դէմս Վահէ Գրիգորեանի, ՀՀ արդարադատութիւնը ձեռք բերէ ֆաշիստական կամակատար գործիք»,- ըսին ցուցարարները։