Հենրիկ Մխիթարեան Ամուսնացաւ Պեթի Վարդանեանի Հետ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Անգլիոյ «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան Յունիս 17-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ պսակուեցաւ «Գրանդ Հոլդինգ»-ի սեփականատէրներէն Միքայէլ Վարդանեանի դստեր՝ Պեթի Վարդանեանի հետ:

Թուիթըրի իր էջին մէջ Մխիթարեան լուսանկար տեղադրած է կնոջ` Պեթիի հետ պսակադրութեան արարողութենէն եւ գրած. «Ամուսնացիր եւ մնա՛ ինծի հետ ընդմիշտ»: