Մանսուրեանի 80-ամեակին Նուիրուած Միջազգային Փառատօնը՝ Սեպտեմբերին

Այլեւայլ, Հայաստան

Կառավարութիւնը Յունիս 20-ի նիստին որոշեց Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած միջազգային փառատօնի իրականացման նպատակով կառավարութեան պաhուստային ֆոնտէն 50 միլիոն դրամ յատկացնել «Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբ» պետական ոչ առեւտարային կազմակերպութեան:

Հարցը ներկայացուց Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան` նշելով, որ Սեպտեմբերի առաջին կիսուն տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին այն մենակատարներն ու երաժիշտները, որոնք արտերկրի մէջ կը ներկայացնեն Տիգրան Մանսուրեանի արուեստը:

«Համերգները տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի, Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ»,- ըսած է նախարարը: