ՀՀ Հանքարդիւնաբերութիւնն ու Մենաշնորհային Համակարգը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմէնեան

Կարդա՛լ «Հետք»-ի ուսումնասիրութիւնը ՀՀ հանքարդիւնաբերութեան թանկագին մետաղներու ոլորտի ներքին վիճակի, շահագործողներու ինքնութեան և ոլորտի միջազգային առընչութիւններուն մասին։ Պարզ է, որ գործ ունինք բազմամակարդակ պայմանագրերու, գործառնութիւններու, շահատիրական դաշինքներու և յայտնի ու անյայտ գործիչներու բարդ աղիւսակի մը հետ և հեշտ չէ գնահատական տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ ՀՀ տնտեսութեան այս բնագաւառէն ներս։

Գիտենք միայն, որ այս մարզին մէջ մէկ կողմէ պետութիւնն է սահմանադրական իր իրաւասութիւններով և միւս կողմէ՝ շահագործողներու միջազգային մեքենակազմը Հայաստանի իր գործակիցներով։ Որո՞նք են հանքերու շահագործման հետ կապուած օրինական սահմանափակումները, ի՞նչ չափով անոնք կը յարգուին, ի՞նչ է արդէն իսկ գոյացած փորձը կենսոլորտի խաթարման, շրջանի բնակիչներու առողջապահութեան, շրջանի մշակութային նկարագրի եղծման և այլ մարզերու մէջ։ Եւ վերջապէս ի՞նչ շոշափելի և չափագրելի արժէք անոնք բերած են և կը բերեն տնտեսութեան և ժողովուրդի ընկերային (սոցիալական) բարօրութեան…Ասոնք հարցեր են, որոնց պատասխանը յստակ չէ։

Տեսանելին շատ պարզ է ու մեկին։ Այս մարդիկ մենաշնորհային շահերով հարստացողներն են։ Իրենց շահոյթը երկրէն դուրս հանողներն են։ Իսկ հասարակութեան անդամները աղքատացողներն են։ Անոնք գաղթողներն են։ Իսկ մնացողները երկիըը պաշտպանողներն են։ Սխալ բա՛ն մը կայ այստեղ։

Զեկոյցը կը խօսի Վարչապետ Փաշինեանի ճիգերուն մասին այս կացութիւնը փոխելու։ Կը թուի , թէ ցարդ անոնք մնացած են լայնօրէն ապարդիւն։ Պէտք է ցաւիլ այս իրողութեան համար։ Թէ իսկապէս ու՞ր կը յանգին այդ ճիգերը ապագային, այդ մէկը ապագան ցոյց պիտի տայ։ Մինչ այդ սակայն պետութիւնը յստակ պարտաւորութիւն մը ունի հանրութեան հանդէպ։ Պարտաւորութիւնը՝ հասարակ քաղաքացին լիարժէք տեղեկոյթով զինելու։ Վերահսկիչ մարմի՛ն մը ՝ որ վեր ըլլայ քաղաքականութենէն և օրը-օրին հետևի ոլորտի իրավիճակին և հրապարակէ ամբողջ տեղեկութիւնը, առցանց և սպառիչ, որպէսզի հասարակութիւնը դուրս գայ անորոշութենէն և սկսի աւելի ճշգրիտ տուեալներով ճանչնալ ոլորտի գործիչները և վերջապէս սկսի տէր կանգնիլ իր իրաւունքներուն և սկսի տնօրինել ինքնիր և երկրին ճակատագիրը այս մարզին մէջ։