«Լէօնարտօ» Ընկերութեան Հետ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին Մէջ Գործակցութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Լը Պուրժէի մէջ տեղի ունեցող Փարիզի միջազգային օդանաւորդութեան նշանաւոր ցուցահանդէսին, ուր իտալական «Լէօնարտօ» ընկերութեան ղեկավարներուն հետ քննարկեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորոտին մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները։

Ըստ PanArmenian.net-ի՝ «Լէօնարտօ» ընկերութեան ղեկավարները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցին ցուցադրուած իրենց արտադրութեանց տեսակներն ու նորագոյն արհեստագիտութիւնները, անոնց ընձեռած կարելիութիւնները եւ ոլորտի նորարարութիւնները:

Նախագահ Սարգսեան այնուհետեւ առանձնազրոյց ունեցաւ «Լէօնարտօ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ալեսանտրօ Փրոֆումոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցան տեղեկատուական արհեստագիտութեան, կրթութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան կարելիութիւնները։

Նախագահ Սարգսեան ընկերութեան ղեկավարութեան առաջարկեց այցելել Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրել ու քննարկել համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները։

Նշենք, որ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներու սարքաւորումներու արտադրութեան եւ տիեզերական արդիւնաբերութեան մեջ մասնագիտացած «Լէօնարտօ» ընկերութիւնը իր արտադրութեան մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ բարձր արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման։