ԵԽԽՎ Բանաձեւի Նախագիծէն Հակահայկական Ձեւակերպումը Հանուած է

ԵԽԽՎ բանաձեւի նախագիծէն հանուած է հակահայկական ձեւակերպումը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ԵԽԽՎ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան: «Թերեւս, եթէ չըլլար Ատրպէյճանի նախագահի երեկուան ռազմահայրենասիրական ու պաթոսախեղդ ջղագրգռութիւնը, […]

ՌԴ Նախագահը Պաշտօնական Այցելութիւն Պիտի Տայ Հայաստան. Փէսքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Հայաստան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզվեսթիա»ն՝ վկայակոչելով ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փէսքովի խօսքը։ Այցին յստակ ժամկէտները դեռ յայտնի չեն: […]

Հայ Դատին Գլխաւորած Քալիֆորնիոյ Պատուիրակութեան Հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելող՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական մարմիններէ, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, Սեպտեմբեր 11ին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պատուիրակութիւնը, որուն […]

Սուրիա Ապրող Հայերու Անվտանգութեան Հարցը Կը Շարունակէ Մնալ Մեր Օրակարգային Կարեւորագոյն Հարցերէն Մէկը. Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստանի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը ոչ միայն այն առումով, որ հարցը կը վերաբերի տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան, այլեւ այն առումով, որ մենք ընդգծուած անհանգստութիւն ունինք […]

Տեղի Պիտի Ունեցայ Հրանդ Տինքի Անուան 10-րդ Մրցանակաբաշխութիւնը

Հրանդ Տինքի մահէն ետք իր անունով հիմնուած հիմնարկին կողմէ կեանքի կոչուած Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակը 10-րդ անգամ կը գտնէ իր տէրը Հրանդ Տինքի ծննդեան օրին՝ Սեպ­տեմբե­ր 15-ին։ Լիւթֆի Քըր­տար մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք մրցա­նակա­բաշ­խութեանիր մաս­նակցու­թիւնը կը բե­րէ փա­րիզա­հայ «Քո­լեկ­թիֆ մեծ պա­զար» երաժշտա­կան խումբը։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։ 10-րդ տա­րուայ առ­թիւ տե­ղի պիտի ու­նենայ նաեւ բա­նախօ­սու­թիւն մը նոյն դահ­լի­ճին մէջ Սեպ­տեմբեր 14-ին։ Բա­նախօ­սու­թեան բա­ցու­մը պիտի կա­տարէ Հա­րուըրտ հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րէն Քեթ­րին […]

Յոյս Ունիմ, Որ Հայաստանը Պիտի Դառնայ Ֆրանսախօս Երկիրներու Դիւանագիտական Բուռն Գործունէութեան Կեդրոններէն Մէկը․ Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ բացուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու հասարակական կազմակերպութիւններու 11-րդ համաժողովը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ գրասենեակը: […]

Վանայ Lիճը 25 Տարի Ետք Կրնայ Ճահիճի Վերածուիլ․ Թուրք Բնապահպան

Վանայ լիճին իսկական բնապահպանական աղէտ կը սպառնայ․ լիճը, ուր մէկ վայրկեանի մէջ 1.800 թոն կոյուղաջուր կը լեցուի, կրնայ 25 տարի անց ճահիճի վերածուիլ։ Այս մասին կ՛ահազանգէ թուրք բնապահպան Ալի Քալչըք, կը […]

Սուրիոյ Մէջ Մարտական Խնդիրներ Պիտի Չկատարենք․ Դաւիթ Տօնոյեան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հարցազրոյցը «Մետիամաքս»-ին  – Պարոն Տօնոյեան, վարչապետը օրերս տեղեկացուց, որ Սուրիա պիտի մեկնին հայ զինուորական բժիշկներ եւ սակրաւորներ` ոչ թէ խաղաղապահներ: Այնուհանդերձ, կարելի՞ է ըսել, որ Հայաստան […]

Հայաստան Կարեւոր Կը Համարէ Բազմագործառոյթ Օդուժի Ձեռքբերումը. Տօնոյեան

Հայաստան կարեւոր կը համարէ բազմագործառոյթ օդուժի ձեռքբերումը: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այսօր` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, կը յայտնէ News.am-ը: Պատասխանելով սպառազինութիւն գնելու եւ Ռուսիոյ նոր […]