Տեղի Պիտի Ունեցայ Հրանդ Տինքի Անուան 10-րդ Մրցանակաբաշխութիւնը

Սփիւռք

Հրանդ Տինքի մահէն ետք իր անունով հիմնուած հիմնարկին կողմէ կեանքի կոչուած Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակը 10-րդ անգամ կը գտնէ իր տէրը Հրանդ Տինքի ծննդեան օրին՝ Սեպ­տեմբե­ր 15-ին։ Լիւթֆի Քըր­տար մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք մրցա­նակա­բաշ­խութեանիր մաս­նակցու­թիւնը կը բե­րէ փա­րիզա­հայ «Քո­լեկ­թիֆ մեծ պա­զար» երաժշտա­կան խումբը։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ակօս”-ը։

10-րդ տա­րուայ առ­թիւ տե­ղի պիտի ու­նենայ նաեւ բա­նախօ­սու­թիւն մը նոյն դահ­լի­ճին մէջ Սեպ­տեմբեր 14-ին։ Բա­նախօ­սու­թեան բա­ցու­մը պիտի կա­տարէ Հա­րուըրտ հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­նե­րէն Քեթ­րին Սիկ­կինք։ Յա­ջոր­դող ելոյթնե­րուն մէջ պիտի հան­դի­պինք Քե­նեթ Ռոթհ, Իս­մաիլ Պէ­շիկ­չի, Շեպ­նեմ Քո­րուր Ֆին­ճանճը, Ալ­փեր Կէօր­միւշ, Ամի­րա Հաաս, Ահ­մետ Ալ­թան, Էր­ճան Քե­սէր, Ալ­պի Սահս, Ալի Պայ­րա­մօղ­լու, Թե­րեսա Քա­չին­տա­մոթօ, Ահ­մետ Ին­սել եւ Տակլս Ճանսն անուննե­րուն։

Նա­խորդ տա­րինե­րուն բա­ցի ան­հատնե­րէ, մար­դու իրա­ւու­նքի պաշտպա­նու­թեան գի­ծով աշ­խա­տող կարգ մը հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ եւս ար­ժա­նացած էին Հրանդ Տինք մրցա­նակին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ զե­կու­ցողնե­րու անո­ւանա­ցան­կին մէջ կը տես­նենք Տի­ար­պե­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառը, «Մե­մորիըլ» խմբակ­ցութիւ­նը, Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րը, պար­տա­դիր զի­նուո­րական ծա­ռայու­թիւնը մեր­ժող՝ խղճով մեր­ժե­լու շար­ժումը եւ միասե­ռական­նե­րու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նող Քաօս ԿԼ-ն։

Բա­նախօ­սու­թեան ըն­թացքին ելոյթնե­րով հան­դէս պիտի գան նա­խորդ տա­րինե­րուն այս մրցա­նակին ար­ժա­նացած մտա­ւորա­կան­ներ եւ մրցա­նակի դա­տակազ­մի ան­դամներ։

Չորս նիս­տե­րով նա­խատե­սուած բա­նախօ­սու­թիւնը քննար­կումներ պիտի ընէ «Ի դէմ բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րու, ար­դա­րու­թեան որո­նու­մը», «Բե­ւեռա­ցուած աշ­խարհի վրայ լրագ­րո­ղու­թեան եւ տե­ղեկու­թեան դե­րակա­տարու­թիւնը», «Հա­սարա­կական յի­շողու­թիւն, իրո­ղու­թեան որո­նում եւ կամք», «Մար­դու իրա­ւունքնե­րու ազա­տու­թեան եւ հա­սարա­կու­թեան պաշտպա­նու­թիւնը» խո­րագիր­նե­րով։ Չորս նիս­տե­րէն ետք տե­ղի պիտի ու­նե­նան փակ­ման զե­կոյցնե­րը։