Յոյս Ունիմ, Որ Հայաստանը Պիտի Դառնայ Ֆրանսախօս Երկիրներու Դիւանագիտական Բուռն Գործունէութեան Կեդրոններէն Մէկը․ Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ բացուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու հասարակական կազմակերպութիւններու 11-րդ համաժողովը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ գրասենեակը:

Իր ելոյթին մէջ վարչապետը շնորհաւորեց Միշել Ժանը համաժողովի բացման առիթով եւ նշեց, որ այսօր Երեւանի մէջ անոր ներկայութիւնը նոյնքան խորհրդանշական է, որքան կարեւոր, քանի որ մէկ ամիսէն Հայաստան պիտի ընդունի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովը: Փաշինեան ողջունեց համաժողովի մասնակից բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները բնութագրեցին քաղաքացիական շարժման ուժը:

«Այդ իրադարձութիւններուն երիտասարդներու, կանանց եւ տղամարդոց մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, թէ որքան կարեւոր է քաղաքացիական հասարակութիւնը, որքան կարեւոր են մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան, համերաշխութեան արժէքները, որ մենք ունինք եւ որոնք կը կիսենք Ֆրանսախօս երկիրներու մեր բոլոր բարեկամներուն հետ:

«Հպարտութեամբ կը նշեմ, որ մեր երկիրը կարեւոր գործ կը ստանձնէ եւ կարեւոր հանգրուան կ՛ապրի` ընդունելով Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը: Կը ցանկամ վստահեցնել, որ մեր կառավարութիւնը, ինչպէս եւ ամբողջ Հայաստանը զօրաշարժի ենթարկած է իր ուժերը, որպէսզի հիւրընկալութեան լաւագոյն աւանդոյթներով հիւրընկալէ գագաթնաժողովի մասնակիցները: Յոյս ունիմ, որ այս գագաթնաժողովը պիտի նպաստէ Ֆրանսախօս երկիրներու զարգացման ամբողջ աշխարհի մէջ եւ Հայաստանը պիտի դառնայ Ֆրանսախօս երկիրներու դիւանագիտական բուռն գործունէութեան կեդրոններէն մէկը. 84 երկրի եւ կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին պիտի տայ նոր ուժ մը, նաեւ մասնակիցները պիտի կարենան բացայայտել Հայաստանն ու անոր մշակութային արժէքները, որոնք կը կազմեն ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի մասը: Համոզուած եմ, որ գագաթնաժողովը պիտի ըլլայ անմոռանալի եւ մենք պիտի արձանագրենք մեծ յաջողութիւններ»,- նշեց վարչապետը` համաժողովի մասնակիցներուն մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան իր հերթին նշեց, որ Ֆրանսախօս երկկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի իրեն բնորոշ հիւրընկալութեամբ: «Մեզի համար մեծագոյն պատիւ է գագաթնաժողովը իրականացնել երկրի մը մէջ, ուր տեղի ունեցած է թաւշեայ յեղափոխութիւն, խաղաղ իշխանափոխութիւն»,-ըսած է Միշէլ Ժան` աւելցնելով, որ Երեւանի մէջ հնարաւորութիւն ունեցած է հանդիպելու երիտասարդներու, որոնք քաղաքացիական պատասխանատւութիւն ստանձնած են առաջ տանելու թաւշեայ յեղափոխութեան ձեռքբերումները:

ֆրանկոֆոն հասարակական կազմակերպութիւններու համաժողովը, որուն կը մասնակցին շուրջ 200 հասարակական կազմակերպութիւններ ֆրանսախօս երկիրներէն եւ գրեթէ բոլոր մայրցամաքներէն: