Սուրիոյ Մէջ Մարտական Խնդիրներ Պիտի Չկատարենք․ Դաւիթ Տօնոյեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հարցազրոյցը «Մետիամաքս»-ին

 – Պարոն Տօնոյեան, վարչապետը օրերս տեղեկացուց, որ Սուրիա պիտի մեկնին հայ զինուորական բժիշկներ եւ սակրաւորներ` ոչ թէ խաղաղապահներ: Այնուհանդերձ, կարելի՞ է ըսել, որ Հայաստան Սուրիա կը գործուղէ  ոչ մարտական զօրախումբ, թէ՞ այն ձեւակերպումը ճիշդ  չէ: 

 – Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս հարցը վերջին օրերու ընթացքին շատ կ՛արծարծուի, կը ցանկամ յստակ յայտարարել, որ մենք կը ծրագրենք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն գործուղել Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներու խումբ` կազմուած բժիշկներէ, մարդասիրական ականազերծման մասնագէտներէ եւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովող անձնակազմէ:

 Բնականաբար, պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները հիմնականօրէն զինուորականներ են, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կարելի է ներկայացնել որպէս մարտական զօրախումբ, քանի որ հայ մասնագէտներու խումբը Սուրիոյ մէջ մարտական խնդիրներ պիտի չկատարէ, այլ պիտի զբաղի բացառապէս մարդասիրական խնդիրներով: Հետեւաբար, անիկա պիտի  ունենայ ոչ թէ զօրախումբի, այլ մասնագէտներու խումբի կարգավիճակ:

 – Արդէն կարծիքներ կը հնչեն այն մասին, որ քանի որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը չի նախատեսեր հայկական զինուած ուժերը Հայաստանի տարածքէն դուրս օգտագործելու ընթացակարգ, Սուրիա գործուղելու որոշումը պիտի ըլլայ հակասահմանադրական: Ի՞նչ կ’ըսէք այս առնչութեամբ:

 – Մեր անմիջական ազգային շահերէն բխող տուեալ նախաձեռնութիւնը  իրաւաբանական բանավէճերու չվերածելու նպատակով ուղղակի շեշտեմ, որ այս պարագային ՀՀ տարածքէն դուրս ՀՀ զինուած ուժերու կիրառման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, քանի որ ինչպէս արդէն նշեցի` հայ մասնագէտները Սուրիոյ մէջ պիտի կատարեն բացառապէս մարդասիրական խնդիրներ մարտական գործողութիւններէ դուրս տարածքներու մէջ, մասնաւորապէս` Հալէպ քաղաքին մէջ:

 Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք` նոյնիսկ ականազերծողներու պարագային խօսքը ոչ թէ զինուորական սակրաւորներու, այլ մարդասիրական ականազերծման մասին է, իսկ ատոնք մասնագիտական առումով լրիւ տարբեր բաներ են: Կը կարծեմ` թիւրըմբռնման պատճառը այն է, որ ուշադրութիւն կը դարձուի ոչ թէ գործուղման խնդրի եւ գործուղուողներու կարգավիճակին, այլ զուտ անոնց` զինուորական ըլլալու հանգամանքին վրայ:

 – Ի՞նչ պիտի ըլլայ գործուղման իրաւական հիմքը` կա՞յ պաշտօնական հրաւէր Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:

– Գործընթացի իրաւական հիմքը ՀՀ Սահմանադրութիւնն է, ՄԱԿ-ի եւ անոր մարմիններու կողմէ Մերձաւոր Արեւելքին վերաբերող բազմաթիւ բանաձեւերը ու գործողութիւններու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ՀՀ եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխգործակցութեան իրաւապայմանագրային պարտաւորութիւնները: Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան լիազօրուած գերատեսչութիւնը մեզի ներկայացուցած է համապատասխան խնդրանք, որուն մենք արձագանգած ենք:

 – Քանի՞ մասնագէտ պիտի գործուղէ  Հայաստանը, ե՞րբ պիտի մեկնին անոնք եւ ի՞նչ ժամկէտով:

 – Մենք կը ծրագրենք Սուրիա գործուղել մինչեւ 100 մասնագէտներ` այս տարուան ընթացքին: Ինչ կը վերաբերի գործուղման ժամկէտին, ապա ատիկա յընթացս որոշելու խնդիր է եւ յստակ ժամկէտ սահմանուած չէ:

 – Ո՞ւր պիտի ըլլայ անոնց տեղակայման վայրը կամ վայրերը: 

 – Մեր առաջնային նպատակը մարդասիրական խիստ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հալէպի հայ համայնքին օժանդակելն է: Հետեւաբար, հայ մասնագէտները պիտի տեղակայուին Հալէպ քաղաքին մէջ եւ պիտի օժանդակեն Սուրիոյ բնակչութեան:

 – Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի ապահովէ հայ բժիշկներուն եւ ականազերծողներուն անվտանգութիւնը Սուրիոյ մէջ: 

 – Մեր բժիշկներուն եւ մարդասիրական ականազերծողներուն անմիջական ֆիզիկական անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն յատուկ այդ նպատակով անոնց հետ մեկնող անվտանգութեան ապահովման մասնագէտները:

 – Ինչպէ՞ս պիտի կարգաւորուին մեր զինուորականներուն յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ Զինուած ուժերուն հետ: Օրինակ, ո՞վ հրաման պիտի արձակէ այս կամ այն վայրին մէջ ականազերծում կատարելու վերաբերեալ: 

 – Մեր մասնագէտներու խումբը Սուրիոյ մէջ պիտի գործէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատարութեան ներքոյ: Բնականաբար, խումբը իր գործունէութիւնը պիտի համակարգէ ե՛ւ ռուսական կողմին, ե՛ւ տեղի իշխանութիւններուն հետ: Մարդասիրական գործողութիւններու ընդհանուր համակարգումը իրականացնելու, ստացուող տեղեկութիւնները, քաղաքացիական բնակիչներու կանչերը հաւաքելու եւ վերլուծելու, ինչպէս նաեւ ատոնց արձագանգելու նպատակով Հալէպի մէջ կը գործէ այդ նպատակով ստեղծուած կեդրոն, ուր պիտի ըլլան նաեւ մեր ներկայացուցիչները եւ հայ մասնագիտական խումբերուն պիտի հասցնեն այս կամ այն «պատուերը»: Ինչ կը վերաբերի ՌԴ եւ Սուրիոյ զինուած ուժերուն եւ անոնց ռազմական գործողութիւններուն, ապա արդէն նշեցի, որ մարտական խնդիրներ մեր մասնագէտները պիտի չկատարեն:

Մեր մասնագէտներուն` Սուրիա տեղափոխման եւ տեղւոյն վրայ անոնց ապահովման հարցերուն մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն յայտնած են մեր ռուս գործընկերները, ինչ որ օրերս պիտի ամրագրուի համապատասխան արձանագրութեամբ: Օգտուելով առիթէն` կը ցանկամ շնորհակալութիւնս յայտնել անոնց:

 – Հաշուի առնելով այն փաստը, որ մեր խաղաղապահները արդէն քանի մը տարիէ կը ծառայեն Լիբանան` ՄԱԿ-ի UNIFIL առաքելութեան ներքոյ, կրնա՞յ ատիկա աւելի դիւրին դարձնել մեր զինուորականներուն աշխատանքը Սուրիոյ մէջ:

 – Լիբանանի մէջ մեր զօրախումբը կը մասնակցի խաղաղապահ առաքելութեան, որ փաստացի ռազմական բնոյթի գործողութիւններ կը պարունակէ: Ուստի Սուրիոյ մարդասիրական առաքելութեան հետ համեմատելը սխալ կը համարեմ:

 – Արեւմուտքը ոչ միանշանակ վերաբերմունք ունի Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն նկատմամբ: Մտավախութիւն չունի՞ք, որ մեր զինուորականներուն գործուղումը Սուրիա կրնայ որոշ խնդիրներ յառաջացնել Հայաստանի եւ արեւմտեան գործընկերներու յարաբերութիւններուն մէջ:

 – Մենք մեր մտադրութիւնները քննարկած ենք գրեթէ մեր բոլոր գործընկերներուն հետ: Մենք չենք մեկնիր Սուրիա որեւէ տեղ ռազմական գործողութիւններու մասնակցելու: Ի վերջոյ` մեր առաքելութիւնը մարդասիրական է, իսկ մեր ազգային շահը` Հալէպի հայ համայնքի պահպանումն ու Սուրիոյ ժողովուրդի` բնականոն խաղաղ կեանքին վերադարձը: Կը կարծեմ` այս հարցով մեր գործընկերներուն մօտ կայ լիարժէք ըմբռնում:

Դաւիթ Տօնոյեանի հետ զրուցեց Արա Թադեւոսեանը

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆը