Հայաստան Կարեւոր Կը Համարէ Բազմագործառոյթ Օդուժի Ձեռքբերումը. Տօնոյեան

Հայաստան

Հայաստան կարեւոր կը համարէ բազմագործառոյթ օդուժի ձեռքբերումը: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այսօր` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, կը յայտնէ News.am-ը:

Պատասխանելով սպառազինութիւն գնելու եւ Ռուսիոյ նոր վարկի մասին հարցերուն, նախարարը նշած է, որ 2-րդ հարցը դեռ կը քննարկուի, իսկ մանրամասնութիւններ հրաժարեցաւ յայտնելէ. «Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը բաւական յաջողութեամբ կը զարգանայ: Ներկայիս խօսքը 100 միլիոնի մասին է»,–նշած է ան` աւելցնելով, որ այդ վարկը ինքնաթիռներու ձեռքբերման վրայ չի տարածուիր:

«Մենք կարեւոր կը համարենքո բազմագործառոյթ օդուժի ձեռքբերումը: Ատիկա առաջնահերթութիւն է»,–շեշտեց Տօնոյեան` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ կ՛ընթանան: Պարզաբանող հարցին, թէ քանի օդանաւ կը նախատեսուի ձեռք բերել, նախարարը պատասխանած է` «շատ»: