Հայ Դատին Գլխաւորած Քալիֆորնիոյ Պատուիրակութեան Հանդիպումը Վարչապետ Փաշինեանի Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելող՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական մարմիններէ, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, Սեպտեմբեր 11ին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի բարձրաստիճան անդամներ, ինչպէս նաեւ արդի արհեստագիտութեան ընկերութիւններէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երախտագիտութիւն յայտնեց վարչապետին, որ խորհրդակցական սոյն հանդիպումին առիթ ընծայած է, միաժամանակ քննարկելով համագործակցութեան ապագայ կարելիութիւնները՝ կրթական, արդի արհեստագիտութեան եւ առեւտուրի ոլորտներէն ներս, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ աճող արդի արհեստագիութեան մարզը։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան երախտագիտութիւն յայտնեց վարչապետին, յատկապէս անոր համար, որ ան պատրաստակամութիւն յայտնած է Սփիւռքը ներառելու Նոր Հայաստան մը կերտելու ջանքերուն մէջ, միաժամանակ խոստացաւ շարունակել Հայ Դատին միջոցաւ Հայաստանի բարգաւաճման ջանքերուն աջակցութիւնը։

Իր կարգին, Փաշինեան ողջունեց պատուիրակութեան այցը եւ ներկայացուց զանազան առաջարկներ՝ շեշտելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է նշեալ ուղղութիւններով կապերու ամրապնդումով, յոյժ կարեւոր համարելով նմանատիպ փոխադարձ այցելութիւններու յաճախակի կազմակերպումը: Վարչապետը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։

Քննարկուած նիւթերու շարքին էին Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ ուղղակի թռիչքներու հաստատումը, Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ յարաբերութեանց սերտացումը եւ Հայաստանի մէջ ձեռնարկութեանց գործունէութիւնը քաջալերող տուրքերու դրութեան յառաջացումը։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Հենրի Սթըրն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Աթըմ Պըրք եւ Էվըն Լօ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, «Սթրեթիճիզ 360»ի փոխնախագահ Անտրէա Տիվաու, «Օրաքըլ»ի պետական հարցերու վարիչ Մըրիսա Խաչիկեան, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն՝ ատենապետ Նորա Յովսէփեան եւ հաղորդակցութեանց համակարգող Տիգրան Խոտանեան։

0913nora

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԱԽԱՐԱՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը կը տեղեկացնէ, թէ նախարար Արթուր Խաչատրեան եւս Սեպտեմբեր 11ին ընդունած է վերոնշեալ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:

Նախարար Խաչատրեան, ողջունելով նման ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցը Հայաստան՝ շեշտած է գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս եւս սերտ շփման եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպման սկիզբը, նախարարը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի հողատնտեսութեան քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, հիմնական մօտեցումներն ու զարգացման տեսլականը, այնուհետեւ տեղի ունեցած է կարծքիներու փոխանակում:

Խաչատրեան մասնաւորապէս անդրադարձած է գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան համաչափ զարգացման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ՝ նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն եւ նոր ծրագիրներուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար՝ ըսած է, որ Քալիֆորնիան գիւղատնտեսութեամբ հարուստ նահանգ է, եւ յոյս յայտնած, որ յառաջիկային Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցին ընթացքին նախարարը կարելիութիւնը կ՛ունենայ անձամբ ծանօթանալու նահանգին հողատնտեսութեան ոլորտին, միաժամանակ քննելով տեղւոյն մասնագէտներու հետ համագործակցութեան զարգացման հարցերը։

Քալիֆորնիոյ պատուիրակները տեղեկացուցած են, թէ կը նախատեսեն նաեւ այցելել Արցախի Հանրապետութիւն, ուր նոյնպէս պիտի քննեն գիւղատնտեսութեան զարգացման հարցերը: