ՌԴ Նախագահը Պաշտօնական Այցելութիւն Պիտի Տայ Հայաստան. Փէսքով

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Հայաստան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզվեսթիա»ն՝ վկայակոչելով ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փէսքովի խօսքը։ Այցին յստակ ժամկէտները դեռ յայտնի չեն:

«Այցին ժամկէտները պիտի համաձայնեցուին»,- յայտնած է ան:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 8-ին, Քրեմլի պալատին մէջ հանդիպած էր Փութինի հետ: Ատիկա Փաշինեան-Փութին երրորդ հանդիպումն էր, որուն աւարտէն ետք՝ ան տեղեկացուցած էր, որ ՌԴ ղեկավարը ընդունած է Հայաստան այցելելու իր հրաւէրը: