Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Աշխատանք Փնտռող Սուրաիահայերուն Համար

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը, IRIS ծրագրի տնտեսական հնարաւորութիւններու եւ տնտեսական զարգացման բաղադրիչի ծիրէն ներս, կը յայտարարէ եռամսեայ վճարովի աշխատանքային վերապատրաստման մասնակցութեան մրցոյթ՝ Հայաստանի մէջ աշխատանք փնտռող սուրաիահայերու եւ տեղացիներու համար։ Մրցոյթը […]

Պատմաբան Արմէն Մութաֆեան Ներկայացուց Իր Հեղինակած «La Saga des Armeniens de l’Ararat aux Carpates» Հատորը

Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղին հրաւէրով, Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5ին Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան պատմաբան Արմէն Մութաֆեան ներկայացուց Մայիս 2018ին իր հեղինակութեամբ լոյս տեսած «La saga […]

Ով Է Դաշնակցականը. Դաշնակցականը Եւ 98 Տոկոսը

Փաստ է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, դրամատիրական աշխարհակարգը սկսած է գործելու սանձարձակութեամբ: Այս աշխարհակարգը կը դաւանի ոչ թէ մարդկային արժէքներ՝ իրենց բաղադրամասերով, այլ միայն ու միայն նիւթական-դրամական արժէքային կառոյց […]

ԵԱՀԿ-ն Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնէ

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ)` Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեան հիմնական կազմը: ՀՀ […]

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւնը Լոս Անճելոսի մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հովանավորներն ու հիւրերը երկար ժամանակ պիտի յիշեն Լոս Անճելոսի Հարիւրամեակի Հացկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտ. 20, 2018-ին։ Սոյն տօնակատարութիւնը եզրափակիչ Հացկերոյթն էր ութ համաշխարհային նման ձեռնարկներու, […]

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Եւրասիական Շրջագիծին Մէջ

Եղիա Թաշճեան 14 Մայիսին Ռուսիան ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) նախագահութիւնը, եւ նոյն ամիսը կազմակերպութիւնը համաձայնագիրներ ստորագրեց Չինաստանի եւ Իրանի հետ: Այս համաձայնագիրները անկիւնադարձային էին, որովհետեւ բաւական ներքին դժգոհութիւն յառաջացած […]

Վահագն Աթաբեկեանը Նշանակուած Է Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  հրամանագիր ստորագրած է Սամուէլ Մկրտչեանը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն յետս կոչելու մասին: Այլ հրամանագիրով մը` Սամուէլ Մկրտչեան նշանակուած է Լեհաստանի […]

Մշակութային Համագործակցութեան Հեռանկարներն ու Ոլորտի Խնդիրները՝ ՀՀ եւ ԱՀ Մշակոյթի Գերատեսչութիւններու Ղեկավարներու Հանդիպման Առանցքին

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Նոյեմբեր 12-ին, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մօտ, իր հայաստանեան գործընկերներուն հետ քննարկած է Հայաստան-Արցախ մշակութային համագործակցութիւնը աշխուժացնելու հնարաւորութիւնները: Այս մասին […]

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Այնճարի Մէջ Ներկայացուց «Խրիմեան Հայրիկ» Մենաներկայացումը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ,  Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» […]

Կ՛ակնկալեմ, Որ Նախագահ Մաքրոն Շատ Ամուր Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Ժխտողական Քաղաքականութեան Դէմ. Ղազարեան

Ֆրանսայի ծերակոյտի հայ անդամ Տանիէլ Ղազարեանի համաձայն, Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակը մեծ կարելիութիւն էր` յիշելու խաղաղութեան արժէքը: Այս մասին ան յայտնած է Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ֆրանսահայ ծերակուտականը շնորհակալութիւն […]