Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւնը Լոս Անճելոսի մէջ

Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հովանավորներն ու հիւրերը երկար ժամանակ պիտի յիշեն Լոս Անճելոսի Հարիւրամեակի Հացկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտ. 20, 2018-ին։ Սոյն տօնակատարութիւնը եզրափակիչ Հացկերոյթն էր ութ համաշխարհային նման ձեռնարկներու, որոնք նշեցին Աւետարանչականի հարիւրամեայ նուիրական գործունէութիւնը։ Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի անդամներ, հոգեւորականներ եւ հաւատաւոր անդամներ եւ բարեկամներ, խմբուեցան Լոս Անճելոսի Պիլթմոր (Biltmore) պատմական պանդոկի շքեղ սրահին մէջ այս յատուկ տօնակատարութեան համար՝ յատկանշական այս վայրին մէջ, որ առաջին անգամ իր դռները բացած էր Աւետարանչականի ծնունդէն միայն հինգ տարիներ ետք։

Աւետարանչականի հարիւրամեայ տօնակատարութիւններուն առաջինը տեղի ունեցաւ 2017-ի Հոկտեմբերին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, ուր կը գտնուի Աւետարանչականի Կեդրոնատեղին։ Լոս Անճելոսի Պիլթմոր պանդոկի Հացկերոյթը հանդիսացաւ գագաթնակէտը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող տօնակատարութիւններուն՝ Սիտնի, Տիթրոյտ, Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Պէյրութ, Փարիզ եւ Երեւան։

Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցող տօնակատարութիւնը յարգանքի տուրք մատուց Սթիվըն Փիլիպոսեան եւ Քոնթէ հիմնադրամներուն, Ճերըլտ եւ Փաթրիսիա Թրփանճեաններու TF Կրթական Հինադրամին եւ Շին Ընտանեկան Հիմնադրամին։ Պիլթմոր սրահին մէջ հաւաքուած 500-է աւելի հիւրերը նաեւ նշեցին Ընկերակցութեան հարիւրամեայ «Հաւատքի, Սիրոյ եւ Ծառայութեան» աւանդը։

Այս Յոբելինական Հացկերոյթին համար հիւրեր եկած էին աշխարհի հեռաւոր անկիւններէ, ինչպէս Հայաստան, Աւստրալիա, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Սուրիա։ Նոյնպէս Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն մեծ թիւվ ներկայացուցիչներ ներկայ էին նշելու Աւետարանչականի մէկ դարուայ ծառայութիւնը՝ աւետարանչական, կրթական, երիտասարդական, եւ բարեսիրական ծիրերու մէջ, աշխարհի 24 երկիրներու տարածքին։ Աւետարանչականը իր հարիւրամեակի առիթով 20 միլիոնի դրամարշաւ մը նպատակադրած է, որուն 60 առ հարիւրը գոյացուցած է ցարդ։

Լոս Անճելոսի Հացկերոյթի հանդիսավար՝ հանրայայտ նախագահական գրախօս Քէն Խաչիկեան, ներկայացուց Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեանը եւ Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանը, որոնք անխոնջ կը գործեն ամենուրէք հասնելու Աւետարանչականի անդամներուն եւ համակիրներուն։

Հացկերոյթի ընթացքին յատուկ կերպով յիշուեցաւ եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Ընկերակցութեան Արեւմտեան Ափի Գործադիր Տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանի, որ իր նուիրաբերական ծառայութենէն ետք, այս տարուայ աւարտին հանգստեան կը կոչուի։

Աւետարանչականի հարիւրամեակին առիթով, յատուկ տեսահոլովակ մը ներկայացուեցաւ Ընկերակցութեան ծնունդին եւ անոր հարիւրամեայ գործունէութեան մասին։ Տօքթ. Տարագճեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ Աւետարանչականի Բժշկական Առաքելութեան՝ որ այս տարի կը նշէ իր տասնամեայ բժշկական ծառայութիւնը Հայրենիքի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Տօքթ. Ալպերթ Ֆիլիփսի, զայն նկարագրելով որպէս «Հայաստանի Ալպերթ Շուէյցըր»ը։

Ընթրիքէն անմիջապէս ետք Թինա Սէկէլ տեսահոլովակով ներկայացուց պատմական տեղեկութիւններ Սթիվըն Փիլիպոսեան եւ Քոնթէ հիմնադրամներուն, Ճերըլտ եւ Փաթրիսիա Թրփանճեաններու TF Կրթական Հինադրամին եւ Շին Ընտանեկան Հիմնադրամին մասին։

Գէն Գեւորգեանը ներկայացուց Ճօզէֆ եւ Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայնը եւ անդրադարձաւ անոնց տասնամեակներու ծառայութեան եւ առատաձեռնութեան՝ հանդէպ Աւետարանչականին եւ անոր առաքելութեան, հետեւելով Ճոյսի եւ անոր քրոջ Լուիզի հօր՝ Սթիվըն Փիլիպոսեանի ուղիին, որ ստեղծած էր Ընկերակցութեան առաջին հիմնադրամը։ Ան յիշեց նաեւ Սրբուհի Փիլիպոսեան Քոնթէն եւ անոր ամուսինը՝ Ճանը, որոնք երկար տարիներ նիւթապէս եւ առատաձեռնութեամբ իրենց բաժինը բերած են Աւետարանչականի այլեւայլ ծրագիրներուն։

Էլիզապէթ Աղպապեան ներկայացուց Ճերըլտ եւ Փաթրիսիա Թրփանճեանները։ «Այս համեստ զոյգը» ըսաւ ան, «համեստ, անկեղծ եւ հոգատար եղած են միշտ։ Անոնց ազնուական զաւակները, Լոռին, Կէրին, Տինը եւ Փոլը մեզի հետ են այսօր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու իրենց ծնողքին»։ Տիկին Աղպապեան յիշեց նաեւ, թէ Թրփանճեանները որդեգրած են նաեւ մեծ ընտանիք մը՝ «Բարեսիրութիւն» անունով։ Անոնք դարձած են Հայ Համայնքի «կնքահայր»ը՝ որոնք մեծ սիրով իրենց ընտանիքի կրթական հիմնադրամէն մեծ բաժին կը հանեն Աւետարանչականի եւ այլ բարեսիրական ընկերակցութիւններու ծրագիրներուն՝ ինչպէս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հայկազեան Համալսարանին, Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանին, Աւետարանչականի Հայաստանի ճամբարներուն, Հայկազեան Համալսարանին, Սուրիոյ Օգնութեան Ֆոնտին, մանուկներու եւ որբերու խնամատարութեան, ինչպէս նաեւ Ճերըլտ Թրփանճեանի յաճախած Պէյրութի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին՝ Լոս Անճելոսի Շրջանաւարտից Միութեան խողովակով։

Տօքթ. Հ. Սթիվըն Ահարոնեան ներկայացուց Տօքթ. Ճէք Շինը եւ անոր հայրը՝ Ճան Հ. Շինը, որ հիմնեց Շին Ընտանիքի Հիմնադրամը Աւետարանչականի մօտ՝ կրթական, աւետարանչական եւ բարեսիրական այլեւայլ նպատակներու համար։ Շին Հիմնադրամի շնորհիւ հազարաւոր երեխաներ կը յաճախեն եւ հոգեւոր ու ֆիզիքական սնունդ կը ստանան Հայաստանի «Շին-Շողիկ» Ճամբարին մէջ։

Հացկերոյթի բացման աղօթքը կատարեց Վեր. Պերճ Ճամպազեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւը, իսկ փակման եւ օրհնութեան աղօթքը մատուց Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէնը։ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգները, ինչպէս նաեւ հացկերոյթի գեղարուեստական բաժինի երաժշտութիւնը առաջնորդեց խմբավար Կրէկ Հոշարեան։

Հիւրերը ստացան 114 էջնոց գեղատիպ գրքոյկ մը, որ կը նկարագրէ Ընկերակցութեան պատմութիւնը եւ անոր համաշխարհային առաքելութեան պատմականը, հեղինակութեամբ Վեր. Դոկտ. Ժան Խանճեանի։ Գրքոյկին մէջ զետեղուած են նաեւ շնորհաւորական նամակներ ստացուած Աւետարանչականի Հարիւրամեակի առիթով՝ աշխարհի տարբեր կողմերէ։ Հացկերոյթի յանձնաժողովի համանախագահներն էին Լորի Մնչէրեան, Արսինէ Ֆիլիփս, Հէլկա Սարգիս եւ Թինա Սէկէլ, որոնք ժրաջանօրէն աշխատած էին յիշարժան երեկոյի մը համար։

Գրքոյկին մէջ Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի խօսքը տեղին է։ «Մեր ուշադրութեան կեդրոնը ոչ կայսրութիւն հիմնել է եւ ոչ ալ կառոյցներ, հապա անհատը։ Կառուցել, վերակառուցել եւ փոխել անհատի կեանքը։ Մեր միասնական գործը ցոյց կու տայ այն՝ թէ մենք ինչպէս կ՚ազդենք մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական բարօրութեան վրայ – ամէն մէկ կեանք իր կարգին։» Իսկ Տօքթ. Տարագճեան նշեց թէ «Աւետարանչականը երկար ճանապարհ կտրած է իր առաքելութեան պատմութեան մէջ։ Մենք յառաջ կը տանինք մեր նախնիներէն մեզի հասած ջահը։ Մեր պարտքն է զայն յառաջ տանիլ եւ յանձնել ապագայ սերունդներուն»։

Իր եզրափակիչ խօսքով, Պրն. Խանճեան ըսաւ.- «Մէկ տարուայ վրայ երկարած տօնակատարութիւններու եւ 20 միլիոն դրամարշաւի միակ իմաստը եւ արդարացումը կը գտնուի, Աստուծոյ շնորհքով,  ապագան դիմագրաւելու պատրաստութեան մէջ՝ Հայրենիքի, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ թէ Ամերիկաներու մէջ։»

Աւետարանչականի Հարիւրամեակի առիթով կան բազմաթիւ նուիրատուութիւններու եւ անուանումի հնարաւորութիւններ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել Աւետարանչականի Կեդրոնատեղիին հետ – Հեռ.  201-265-2607 կամ ե-նամակ՝ mpoulos@amaa.org: Աւետարանչականի գրասենեակը կը գտնուի 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652 հասցէով:

(Ֆիլիս Համոյի Անգլերէն հաղորդագրութեան թարգմանութիւնը՝ Լուիզա Ճանպազեանի կողմէ)