Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանը Եւրասիական Շրջագիծին Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եղիա Թաշճեան

14 Մայիսին Ռուսիան ստանձնեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) նախագահութիւնը, եւ նոյն ամիսը կազմակերպութիւնը համաձայնագիրներ ստորագրեց Չինաստանի եւ Իրանի հետ: Այս համաձայնագիրները անկիւնադարձային էին, որովհետեւ բաւական ներքին դժգոհութիւն յառաջացած էր անդամ երկիրներուն կողմէ, որոնք կը դժգոհէին, որ կազմակերպութիւնը դարձած է ռուսական մենաշնորհութեան գործիք մը: Աւելի՛ն. վերջին ամիսներուն նոյնանման տնտեսական համաձայնագիրներ ստորագրուեցան նաեւ Վիեթնամի հետ: Հետեւաբար, արեւմտեան ճնշումները` Եւրասիական տնտեսական միութեան վրայ, զայն կը մղեն, որ ուղղուի դէպի հարաւ-արեւելք:

ԵՏՄ-ի համար դէպի Ասիա ուղղուիլը բաւական արդիւնաւէտ է, որովհետեւ ասիական շուկային մէջ եւրասիական արտադրութիւնները կրնան մրցակցիլ տեղական արտադրութիւններուն հետ, բան մը, որ գրեթէ անկարելի է Եւրոպական Միութեան մէջ: ԵՏՄ-ի եւ Չինաստանի ու այլ ասիական երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը առաջին յենարանն է Չինաստանի կողմէ նոր Մետաքսէ ճանապարհի կառուցումին համար, ինչ որ նաեւ պիտի ընդգրկէ ԵՏՄ-ի անդամ երկիրները: Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է այս համագործակցութեամբ, եւ Արեւմուտքը տակաւին չկրցաւ ըմբռնել այն գաղափարը, թէ որքա՛ն ճնշում բանեցնէ Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ-ի վրայ, անոնք ա՛լ աւելի պիտի հակին դէպի Ասիա, մասնաւորապէս` Չինաստան:

Հայաստանի մէջ ժողովրդային յեղափոխութեան ցնցումէն ետք արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ ուսումնասիրական կեդրոնները սկսան հրապարակել վերլուծումներ, ըստ որոնց,  Հայաստան պիտի լքէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Վրաստանի օրինակին հետեւելով` ուղղուի դէպի Արեւմուտք: Արդեօ՞ք պէտք է այս կեդրոններուն յիշեցնել Արեւմուտքին դերը 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմին. ո՞ւր էին Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները… Սակայն Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունի որոշ չափով եւ այդ պատկերացումը ան ներկայացուց նախագահ Փութինին: Փաշինեանը վերջապէս համոզուեցաւ, որ Հայաստանի միակ ելքը Եւրասիական տնտեսական միութիւնն է, սակայն ասիկա ըսել չէ, որ Երեւան պէտք է իր յարաբերութիւնը խզէ Արեւմուտքին հետ: Հայաստանի աշխարհագրութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակը անոր կու տայ կամուրջի մը հանգամանքը: Հայաստան պէտք է դառնայ նոր Մետաքսի ճամբուն սիւներէն մէկը` դառնալով Եւրասիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կամուրջ մը` առանց շեղելու իր եւրասիամէտ արտաքին քաղաքականութենէն:

Վերջապէս, Հայաստանի համար կը մնայ հասարակութեան մէջ հիմնաւորել եւրասիականութեան անհրաժեշտութիւնը` քաղաքական եւ տնտեսական գոյատեւման համար:  Այսօր տակաւին կը տեսնենք անտարբերութիւն եւ երբեմն դիմադրութիւն` հայաստանեան կարգ մը կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց նիւթական օժանդակութիւններու եւ ծրագիրներու աղբիւրները յայտնի են: Օր ու գիշեր անոնք կը փորձեն համոզել հասարակութիւնը, որ Հայաստան պէտք է ուղղուի դէպի Արեւմուտք եւ խզէ Ռուսիոյ եւ Եւրասիոյ հետ իր յարաբերութիւնը: Միւս կողմէ` մինչեւ օրս ոչ մէկ կուսակցութիւն կամ հասարակական շարժում իր ծրագիրին մէջ որդեգրած է եւրասիականութեան գաղափարը` Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական հզօրացման համար: Հայաստան կարողութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ հսկայ դեր խաղալու թէ՛ Չինաստանի նոր Մետաքսի ճանապարհի ծրագիրներուն եւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական կամուրջ մը դառնալու:

Yeghia.tash@gmail.com