ԵԱՀԿ-ն Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնէ

Աշխարհ, Հայաստան

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ)` Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեան հիմնական կազմը:

ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Տիգրան Մուկուչեան՝ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները՝ ընդգծած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին:

Բարձր գնահատելով դիտորդական առաքելութիւններու դերն ու նշանակութիւնը ընտրական օրէնսդրութեան կատարելագործման հարցին մէջ` Տիգրան Մուկուչեան ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ իրականացուած ընտրութիւններու կազմակերպման եւ նախապատրաստական աշխատանքները:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար դեսպան Ուրշուլա Կաչեք, ներկայացնելով դիտորդական առաքելութեան մեթոտաբանութիւնը, նշած է, որ կը նախատեսուի կազմակերպել լայնածաւալ դիտորդական առաքելութիւն` բաղկացած հիմնական կազմէն (13 անդամ), շուրջ երկու տասնեակ երկարաժամկէտ դիտորդներէ եւ քուէարկութեան օրուան հոլովոյթները դիտարկող երկու հարիւրէ աւելի կարճաժամկէտ դիտորդներէ:

Դեսպան Ուրշուլա Կաչեք տեղեկացուցած է, որ աւելի ուշ դիտորդական առաքելութեան պիտի միանան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդները: