Մշակութային Համագործակցութեան Հեռանկարներն ու Ոլորտի Խնդիրները՝ ՀՀ եւ ԱՀ Մշակոյթի Գերատեսչութիւններու Ղեկավարներու Հանդիպման Առանցքին

Հայաստան

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Նոյեմբեր 12-ին, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մօտ, իր հայաստանեան գործընկերներուն հետ քննարկած է Հայաստան-Արցախ մշակութային համագործակցութիւնը աշխուժացնելու հնարաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը։

«Ի թիւս մշակոյթի շարք մը ոլորտներու, Արցախի մէջ կը փորձենք նոր քաղաքականութիւն մշակել, յատկապէս գրադարաններու եւ թանգարաններու ուղղութեամբ: 2019-ին շահագործման պիտի յանձնուի Արցախի պատմաերկրագիտական թանգարանի նոր շէնքը: Այժմ քայլեր կ՝իրականացուին Շուշիի պատմութեան թանգարանը առաւել բարուոք տարածք տեղափոխելու ուղղութեամբ: Ընդհանրապէս, Շուշին աստիճանաբար կը վերածուի թանգարանային քաղաքի: Այստեղ կը գործեն ՀՀ կեդրոնական դրամատան Դրամի թանգարանը, Գորգերու մասնաւոր հաւաքածուներու թանգարանը: Ի դէպ, Շուշիի մէջ կը  գտնուի նաեւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը»,- ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունցի ու նախարարի տեղակալ Տիգրան Գալստեանի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ մշակոյթի առջեւ ծառացած ամենաբարդ խնդիրները, թերեւս, յուշարձաններու պահպանութեան ոլորտին մէջ են. յուշարձանները շատ են, միջոցները՝ սուղ: Օժանդակութեան կարիք ունի Ստեփանակերտի թատրոնը:

Հայաստանեան գործընկերներէն Արցախի մէջ կ՝ակնկալեն աշխոյժ համագործակցութիւն՝ մասնաւորապէս յուշարձաններու վերականգնման, մասնագէտներու վերապատրաստման, գրահրատարակչութեան, մշակութային կրթութեան ոլորտներու մէջ:

Թատրոնի շէնքի վերանորոգման համար Լիլիթ Մակունց առաջարկած է համատեղ նախաձեռնութիւն իրականացնել. դրամահաւաք կամ մշակութային ձեռնարկ, որուն ամբողջ հասոյթը տրամադրուի Արցախի թատրոնին: Ինչ կը վերաբերի մասնագէտներու վերապատրաստման, ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարը առաջարկած է օգտուիլ Հայաստանի մէջ բացուած հայ-իտալական տարածաշրջանային վերականգնողական կեդրոնին ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Գրահրատարակչութեան ոլորտին մէջ եւս Հայաստանի մէջ պատրաստակամ են օգնելու արցախեան գործընկերներուն:

«Մշակութային շփումները պէտք է աշխուժացնել ամենատարբեր ձեռնարկներով: Մենք ունինք շրջիկ շարժանկար-թատրոններ, որոնց միջոցով կրնանք շարժանկարի ցուցադրութիւններ կազմակերպել ինչպէս Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, այնպէս ալ զօրամասերու: Հայաստանի մէջ շուտով պիտի մեկնարկէ «Քո արուեստը դպրոցում» ծրագիրը: Հետաքրքրութեան պարագային՝ այս կամ այն ձեւաչափով, ծրագիրը կարելի է տեղափոխել նաեւ Արցախ»,- ըսած է Լիլիթ Մակունց: Իսկ Լեռնիկ Յովհաննիսեան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ արդէն հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ վերջերս ներդրուած Դպրոցական ապոնեմենտային համակարգով:

Եղած են շարք մը համաձայնութիւններ, որոնք հետեւողականօրէն պիտի իրականացուին։