Կ՛ակնկալեմ, Որ Նախագահ Մաքրոն Շատ Ամուր Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Ժխտողական Քաղաքականութեան Դէմ. Ղազարեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրանսայի ծերակոյտի հայ անդամ Տանիէլ Ղազարեանի համաձայն, Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակը մեծ կարելիութիւն էր` յիշելու խաղաղութեան արժէքը: Այս մասին ան յայտնած է Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

Ֆրանսահայ ծերակուտականը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ այն ժամանակներուն մէջ, երբ կը թուի, թէ «բազմակողմանիութիւնը» կորսնցուցած է իր կշիռը, ան կարեւոր նկատեց օրուան կարելիութիւնը` հաւաքելով բոլոր պատերազմող կողմերը` նշելու դիւանագիտութեան յաղթանակը ուժի կիրարկման դէմ:

«Մէկ դերակատարն ալ բացառելը այդպիսի զգացողութիւն չէր յառաջացներ եւ հակասական պիտի ըլլար վեհաժողովի ոգիին»,- ըսած է ան` նկատելով, որ այնուամենայնիւ ներկայ էր միայն մէկ երկիր, որ չի հաշտուիր իր սեփական պատմութեան հետ, եւ այդ երկիրը Թուրքիան էր:

Ֆրանսահայ ծերակուտական Տանիէլ Ղազարեանի կարծիքով` Երիտասարդ թուրքերու կողմէ գործուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը իսկապէս մինչեւ հիմա Թուրքիոյ դիւանագիտութեան առանձնայատկութիւնն է եւ ազգայնականութեան հիմքը: «Այդ առումով Թուրքիան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուէր ցեղասպանութեան նիւթով վեհաժողովին եւ քննադատուէր իր ներկայ վարքագիծին համար»,- ըսած է ան:

Ղազարեան ապա նշած է, որ ինք կ՛ակնկալէ, որ նախագահ Մաքրոն շատ ամուր պիտի ըլլայ Թուրքիոյ` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

«Ան պէտք է յստակ դարձնէ, որ խաղաղութեան վեհաժողովը Թուրքիոյ համար իր անցեալէն հեռանալու ուղի չէ, այնպէս որ խաղաղութեան տօնակատարութիւնը կարելի է միայն, եթէ բոլոր դերակատարները ճանչնան իրենց գործողութիւններու իրականութիւնը: Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ կառավարութիւնը իր դաշնակիցներուն հետ ետ պիտի մղէ այն ճնշումներն ու սպառնալիքները, որոնց հետ կ՛առերեսուին Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացողները»,- ըսած է Տանիէլ Ղազարեան` նշելով, որ այդ ալ հիմնականին մէջ ան փորձած է ներկայացնել նախագահին ուղղուած բաց նամակին մէջ: