Հայաստանի Ժողովուրդը Եւրոպայէն Աւելի Մեծ Աջակցութիւն Կ՛ակնկալէ. Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ պետութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները:

Փաշինեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է եւ ընդգծեց Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին կարեւորութիւնը:

Ըստ Փաշինեանի՝ համաձայնագրի իրականացման ճանապարհային քարտէսը արդէն իսկ մշակուած է: Վարչապետի պաշտօնակատարը աւելցուց, որ Հայաստան այսօր կը գտնուի պատմական փոփոխութիւններու փուլին մէջ, իսկ բարեփոխումները ուղղուած են ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, արդարադատութեան համակարգի արդիականացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման, խօսքի ազատութեան ամրապնդման եւ այլ ուղղութիւններուն:

Բոլոր փոփոխութիւնները եւ բարեփոխումները հիմնուած են հասարակական պահանջի վրայ:

Կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը կարեւոր համարեց ԵՄի կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը:

Անդրադառնալով Դեկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Փաշինեան ընդգծեց, որ անոնք կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենան մեր երկրի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար:

«Նոր խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը կառուցուած պիտի ըլլան հանրային լայն աջակցութեան եւ վստահութեան վրայ, որ պիտի օգնէ աւարտին հասցնելու թաւշեայ յեղափոխութեան սկսած գործընթացը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ընտրութիւններու կազմակերպման հարցով ԵՄ աջակցութեան համար: Մենք կը պատրաստուինք մեր քաղաքական եւ տնտեսական հիմնարկներու բարեփոխման ուղղուած ծրագիրներուն: Սակայն, ձեր օգնութիւնը պիտի օգնէ մեզի լրացնելու գոյութիւն ունեցող կարողութիւնները, որպէսզի բարեփոխումները աւելի արդիւնաւէտ ըլլան: Պատահական չէ, որ այսօր, երբ մենք արդէն նշանակալի առաջընթաց արձանագրած ենք ժողովրդավարութեան ամրապնդման գործով, մեր հասարակութիւնը եւրոպական գործընկերներէն կ՝ակնկալէ աւելի մեծ աջակցութիւն»,- ըսաւ Փաշինեան: