Լեւոն Արոնեան Այցելած Է Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան

Սփիւռք

Նոյեմբեր 12-ին Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Տէր Մովսէս աբեղայ Սարգսեանի հրաւէրով հայկական ճատրակի առաջատար, աշխարհի գործող գաւաթակիր Լեւոն Արոնեան, որ այս օրերուն կը մասնակցի Կալկաթայի մէջ ընթացող Tata Steel Chess արագ ճատրակի մրցաշարին, այցելած է ճեմարան եւ հանդիպած աշակերտներուն հետ:

Երեխաները մեծ խանդավառութեամբ  դիմաւորած են կրանտմասթըր, իրեն ուղղած  իրենց յուզող եւ հետաքրքրող հարցերն ու ստացած սպառիչ պատասխաններ:

Ճեմարանին մէջ շրջելէ ետք  Արոնեան նշած է, որ թէեւ գիտէր` Կալկաթայի մէջ կայ հայկական ճեմարան, բայց երբեք չէր մտածած, որ ամէն ինչ այսքան բարեկարգ է ու կանոնակարգուած, որ իւրաքանչիւր պայման ստեղծուած է երեխաներու բարեկեցութեան համար: