Արամ Ա. Կաթողիկոս 5000 Տոլար Նուիրեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» Թատերախումբին

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան,  Հինգշաբթի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղը ներկայացնելէ ետք, ուրբաթ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Սիրոյ քեսթինկ», շաբաթ երեկոյեան` «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումներով, իսկ երէկ` կիրակի երեկոյեան անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացաւ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղով:

«Երկնագոյն շան աչքերը» անհեթեթ ներկայացում մըն է, որ կը խօսի իրարու անծանօթ աղջկայ մը եւ տղու մը մասին, որոնք ամէն գիշեր իրենց երազին մէջ կը հանդիպին իրարու: Անոնք կը փորձեն իրական կեանքին մէջ եւս զիրար գտնել, սակայն չեն յաջողիր:«Սիրոյ քեսթինկ»թատերախաղը կատակերգութիւն է, որ կը խօսի երեք տարեց կիներու մասին, որոնք մինակ կ՛ապրին եւ յանկարծ կ՛որոշեն իրենց այդ յառաջացած տարիքին մէջ ամուսնանալ: Անոնցմէ մէկը կը փորձէ համացանցով ամուսին գտնել իր ընկերուհիներէն մէկուն:

Պէտք է նշել, որ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղի զոյգ ներկայացումներէն առաջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով խօսք առաւ Արազ Գոճայեան: Ան նախ եւ առաջ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու թատերագիր Արա Արծրունիի յիշատակը: Գոճայեան նկատել տուաւ, որ  Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին հետ համագործակցութիւնը սկիզբ առած էր այս ամառ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի Գիւմրի այցելութեամբ` աւելցնելով, որ ներկայացուելիք թատերախաղերուն ընթացքին հանդիսատեսները ականատես պիտի ըլլան բարձրորակ արուեստի եւ պիտի վայելեն Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի թատերախումբի հին եւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն խաղարկութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Գոճայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն, ի մասնաւորի ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր «Պանք աֆ Պէյրութ»-ին, որոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել սոյն նախաձեռնութիւնը:

Կիրակի օրուան ելոյթին ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Ելոյթի աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական պատասխանատու Լութֆիկ Յարութիւնեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` թատերախումբերուն միջեւ:

Նշենք, որ վեհափառ հայրապետը, բարձր գնահատելով Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի կատարումը, հինգ հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց թատերախումբի անդամներուն: