Author: Areky
Վարագավանքը` Աւերման Վտանգի Տակ
Վանի կարեւոր պատմական արժէքներէն մէկը համարուող Վարագավանքը պահպանութեան տակ չէ առնուած, որուն պատճառով վանքի կանգուն մնացած հատուածներն ալ աւերման վտանգի տակ կը գտնուին: Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Վան փոսթասը» թերթը: […]
«Դուք Կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-ի Կատարուածը Ցեղասպանութիւն Էր». Ամերիկացի Ծերակուտականը՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածուին (տեսանիւթ)
Ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտես ԱՄՆ Ծերակոյտի միջազգային հարցերով յանձնաժողովին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Դէյվիտ Մայքլ Սաթերֆըլտի հետ հարցուպատասխանի ժամանակ: Մենենտես իր խօսքի սկիզբը յայտարարած է, […]
Հայաստանը Պիտի Դառնայ Հայու Ապրելու Լաւագոյն Տեղը․ Փաշինեան
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ «մեզի համար չափազանց կարեւոր է, որ Հայաստանը դառնայ իւրաքանչիւր հայու համար ապրելու լաւագոյն տեղը»: «Մենք ասիկա կը պատկերացնենք հետեւեալ կերպով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իսկապէս […]
Ապրիլ 15-ին Կը Մեկնարկէ Ազգային Գրադարանային Շաբաթը
Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը Ապրիլ 15-22 Հայաստանի մէջ կը կազմակերպեն Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150ամեակներուն: Ընկերակցութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Գրադարանային շաբաթին […]
Ապրիլի 24-ի Վերաբերեալ Որոշումը ձեռքբերելու Համար Պայքարած ենք 1965-էն ի Վեր. ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ֆրանսայի նախագահական թիւ 2019-219 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն, 10 ապրիլին հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս հրամանագիրը գործադրուած խոստումն է հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, զոր տուած էր հայ համայնքին` […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Կոչը Ուղղուած Կառավարութեան` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Անդրադառնալով Իտալիոյ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ առնուած որոշումին` ուղղուած Իտալիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Խորհրդարանի այս իմաստուն ու քաջ քայլը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «այս վճռական […]
Յունաստանի «Համազգային»-ի ձեռնարկը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Մանուկներու Յիշատակին
Որոշ նախաձեռնութիւններ կ‘արժանանան յատուկ ուշադրութեան՝ իրենց մտածումի, նպատակի եւ գործադրութեան ոճի խորհրդանշական բնոյթին պատճառով: Էութիւնն այն է, որ նախաձեռնութեան ներքին բնութագիրն ու բաղադրիչը իր մարդասիրական դիտաւորութենէն անդին, շարունակութիւնը կը կազմէ […]
Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգայինի Պետական Թատրոնի Բարձրորակ Ներկայացումները Լիբանանի Մէջ
Թատրոնի միջազգային օրուան եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը նախաձեռնեց եւ Հայաստանէն հրաւիրեց Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական […]
Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Պէտք է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Քննարկենք. Կարօ Փայլան
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ քայլերուն մասին, Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է հանել Իտալիոյ, Ֆրանսայի ու ԱՄՆ-ի […]









