Հայաստանի Վերնախաւի Պառակտումները Շատ Հեռու Են Ժողովուրդի Առօրեայէն

Մարք Յարութիւնեան Բանն ասանկ եւ ոչ  բամբասանք:             Հայաստանի մամուլը, տպագիր թէ հեռատեսիլային, անդադար կը սփռէ տեղեկութիւններ ոճիրներու, պատահարներու, կուսակցութիւններու, դատերու, ցոյցերու, ամբաստանութիւններու, մրցակցութիւններու, փոխադարձ անհատնում քննադատութիւններու, չարաշահումներու մասին: Պարզ. […]

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը Եւ SARFը Կը Հաստատեն Սուրիահայութեան Յատուկ Վկայագիրներու Ծրագիր Մը

Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF), համագործակցելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին հետ, հաստատած է Հայաստան ապաստանած սուրիահայ ուսանողներու յատուկ վկայագիրներու անվճար ծրագիր մը, որ ընթացք պիտի առնէ այս տարուան Սեպտեմբերին։ Ծրագիրին նպատակն […]

Վահէ Գրիգորեան Ընտրուեցաւ Սահմանադրական Դատարանի Դատաւոր

Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան հրապարակեց Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար իրականացած փակ քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, 99 թեր, 22 դէմ քուէներով Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուեցաւ Վահէ Գրիգորեան: […]

Հայաստանի Մէջ Ամուսնութիւնները Աւելցած Են, Ամուսնալուծութիւնները՝ Նուազած

Արդարադատութեան նախարարութեան «Քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման գործակալութիւն» կառոյցին տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 2019-ի առաջին հինգ ամիսներուն արձանագրուած են 6 հազար 97 ամուսնութիւններ, ինչ որ 2018-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 521-ով: […]

Կեանքի Կոչուեցաւ Սփիւռքահայերու Խորհրդատւութեան Գրասենեակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի մէջ կեանքի կոչուեցաւ սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակը: Գրասենեակին գործառոյթն է՝ խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել հայրենիքի մէջ հաստատուած հայրենակիցներուն, ճիշդ ձեւով ուղղորդել զանոնք՝ զանազան հարցերու լուծման համար։ […]

«Ֆրանսայի Կառավարութեան Որոշումները Հիմնուած Են Քաղաքական-Տնտեսական Շահերու Վրայ». Մուրատ Փափազեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսայի կառավարութեան, աւելի ճիշդ՝ Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներուն եւ Տրոմ […]

Թուրքիոյ Առաջին Հայկական Հեռատեսիլի Ալիքը Արդէն Եթերի Վրայ է

Թուրքիոյ մէջ արդէն եթեր կը հեռարձակուի հայերէն առաջին հեռատեսիլի ալիքը՝ «Լոյս TV»-ն։ Մինչ օրս «Լոյս TV»-ն փորձնական եթեր կ՝ելլէր միայն համացանցի միջոցով։ Առաջին համացանցային եթերը եղած էր 2019 Յունուար 6-ին՝ […]