Հայաստան Եւ Արցախ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Բայց Պատերազմի Սպառնալիքով Չեն Կրնար Մեզ Վախցնել. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, բայց «պատերազմի սպառնալիքով ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ վախցնել»: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ԱԺ-ի մէջ կառավարութեան անդամներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ, ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Վարչապետը նշած է, թէ Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի հարցի կարգաւորումը դուրս բերել կառուցողական, բանակցային հունէն:

«Պատերազմը չէ աւարտած, որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ, իրավիճակի լարում ըլլալ: Ատրպէյճանը պարզապէս կ՛ուզէ կիրարկել նոյն գործիքը, որ երկար ժամանակ կիրարկած է` փորձել դուրս բերել հարցի լուծումը բանակցային հունէն»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստան բանակցային հոլովոյթին մէջ իր դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակէ 12 Մարտին Ստեփանակերտի մէջ հռչակուած սկզբունքներուն ծիրին մէջ:

«Մեր դիւանագիտական ջանքերը որոշ ուղղութիւններով եղած են շատ արդիւնաւէտ: Մեր դիւանագիտութիւնը սկսած է աւելի ու աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ»,- հաստատած է Փաշինեան: