Արցախի ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասնակցած է 67 Հազար 326 Ընտրող

Տարածքային ընտրական յանձնաժողովներու տուած տուեալներուն համաձայն` Սեպտեմբեր 8-ի ժամը 20.00-ի դրութեամբ ընտրութիւններուն մասնակցած է 67326 ընտրող: Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահին փոխարինող Եղիշէ Արզումանեան: «Մասնակիցներու […]

Սուրիահայ Հայրենադարձը Արցախի Մէջ Համայնքապետ Ընտրուեցաւ

ԵՌԱԳՈՅՆ.- Արցախի Հանրապետութեան 2019 թուականի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններուն, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ գիւղի համայնքապետ ընտրուեցաւ ծնունդով Գամիշլիցի, հայրենադարձ, ՀՅԴ անդամ Անդրանիկ Չաւուշեանը։ Անդրանիկը հայրենադարձուած է Լիբանանէն, երկար տարիներ է կը […]

ՈԻԵՖԱ-ն Հայաստանի մէջ Պիտի Կառուցէ Արհեստական Խոտածածկով 76 Մարզադաշտ

ՈՒԵՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկած է մեր երկրին մէջ ֆութպոլի զարգացման ուղղուած շարք մը հարցեր: Չեֆերին գոհ է ՀՖՖ-ի հետ համագործակցութեամբ եւ նշած, որ իրենք […]

Ֆրանսահայ Բժիշկները Ակնաբուժական Ծագիր Իրականացուցած են Տաւուշի Մէջ

Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF) Ակբա-կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան աջակցութեամբ Տաւուշի մարզին մէջ իրականացուց «Ակնոցներ Հայաստանի համար» բարեգործական, առողջապահական ծրագիրը: Ինչպէս կը յայտնէ նշեալ դրամատունը, չորրորդ տարին անընդմէջ դրամատանի աջակցութեամբ UMAF-ի բժիշկները իրենց […]

Կերմուշի Հայկական Սուրբ Աստուածածին Վանքը Վերացման Վտանգի Տակ է

Ուրֆայի (Եդեսիա) Հալիլիէ գաւառի Կերմուշ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերջնականապէս փլուզուելու վտանգի տակ է: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կ՛ահազանգեն թրքական լրատուամիջոցները: Աղբիւրին համաձայն` Ուրֆայէն 10 քմ․ հեռաւորութեան […]

Կ՛ընդլայնուի Արաքսի Հովիտի Մշակման Ռազմավարական Ծրագիրը

2018 թուականի սկիզբը ստեղծուած «Արաքս գօտի» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը կ՛ընդլայնէ Արաքսի հովիտի մշակման ռազմավարական ծրագիրը: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է «Արաքս գօտի» պետական փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Գրիգորի Սաֆարեան […]

«Տաշիր»-ի Սեփականատէրը եւ Comedy Club-ի Հիմնադիրը Հիմնած են Հայ Ձեռնարկատէրերու Ընկերակցութիւն

Խումբ մը հայ գործարարներ` «Տաշիր»-ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, հիմնած են «Հայ ձեռնարկատէրերու ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը: Այդ մասին կը վկայեն «Սպարկ-ինտերֆաքս» համակարգի տուեալները: Ընկերակցութիւնը այս շաբաթ գրանցուած Է Մոսկուայի մէջ, Կարապետեանը […]

Վերականգնուած է Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանը

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի հայկական վարժարանը, որ պատերազմի ընթացքին ծանր վնասներու ենթարկուած էր, վերաշինուած եւ վերականգնուած է։ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նորա Արիսեան ֆէյսպուքի իր հարթակին վրայ կը տեղեկացնէ այս մասին գրելով. […]

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի 10-ամեակին Առիթով` Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Հովանաւորութեամբ Պսալիմ-Մզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2019-ին, նշեալ ցուցասրահին մէջ  բացումը կատարուեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։ […]