Ուխտագնացութիւն Դէպի Արարատ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

18 Օգոստոս 2019ի առաւօտը անբացատրելի զգացում մը պատած էր ամբողջ էութիւնս: Տարիներու երազած եւ անհասանելի կարծած Արարատ լեռ բարձրանալու փափաքս պիտի իրականանար շուտով:

Այդ առաւօտ, խումբ մը հայորդիներ պիտի միանայինք Երեւանի հրապարակը՝ ուղուելու Արեւմտեան Հայաստան, մեր պապերուն ծննդավայրը: 12 երկիրներէ ժամանած 47 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ իրարու գրեթէ անծանօթ, միակամ եւ միահամուռ աչքերնիս սեւեռած Արարատին՝ ուխտեր էինք բարձրանալ սրբազան լեռը եւ պարզել եռագոյնը: Արդէն երգով ու պարով կը հաստատէինք, թէ Արարատի գլխուն դրօշ պիտի դնենք, վաղ թէ ուշ: Հասած էր մեկնելու ժամը: Սկսած էր մեր առաքելութիւնը: Քանի մը ժամ ետք հասանք հայ-վրացական սահմանը, որմէ ետք՝ թրքականը:

Առաջին կանգառը հայկական Կարսն էր, Եղիշէ Չարենցի ծննդավայրը. մեծ բանաստեղծը ատենին գովերգած էր Մասիսը այս խօսքերով.

«Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ, Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»:

Հեղինակե Արարատ լէռան վրայ

Հեղինակե Արարատ լէռան վրայ

Երկրորդ կանգառը Բագրատունիներու հիմնած Անի քաղաքն էր, իր հազար ու մէկ եկեղիցիներով նշանաւոր։ Այդ վայրկեանին միտքէս կը կրկնէի «Տուն իմ հայրենի» երգին «Կարօտում եմ տուն իմ հայրենի» բառերը, որ յանկարծ վերածուեցաւ բարձրաձայն երգի, կարծես միանալով հազար ու մէկ եկեղեցիներու զանգակներու ղօղանջին, որ կը յիշեցնէր, թէ թուրքը անցած էր այդտեղէն, «Քեզ խլել են, թալանել են, կալանել են քո վանքերը, աւիրել են տուն իմ հայրենի»: Յուզուած էինք, բայց հպարտ:

Յաջորդ օրը, Պայազիտի հիւրանոցէն ինքնաշարժներով ուղուեցանք դէպի Մասիս, միշտ երգելով՝ «Զարթնիր Մասիս, հայն է գալիս»: 5 ժամ՝ եւ մենք լեռան ստորոտն էինք. առաջին օրը խումբին համար նախատեսուած բանակավայրին մէջ հանգչէլէ ետք, շարունակեցինք մեր երթը: Երկրորդ օրը 3200 մեթրէն 4200 մեթր պէտք է բարձրանայինք. բաւական քարքարոտ էր ճամբան, բայց տակաւին ոչ մէկս հոգնածութեան նշան կամ արտայայտութիւն յայտնած էինք:

5 ժամ քալելէ ետք հասանք երկրորդ բանակավայրը. ջերմաստիճանը բաւական ցած էր եւ մենք պէտք է յատուկ զգեստներ հագնելով՝ պաշտպանուէինք ցուրտէն: Ընթրելէ ետք, քիչ մըն ալ հանգիստ՝ որմէ ետք պիտի բարձրանայինք գագաթ: Անբացատրելի պահ էր, որ ոչ գրիչով, ոչ խօսելով կարելի կ՛ըլլայ զգացումդ արտայայտել. պէտք է սեփական աչքերով տեսնել։ Կոխած հողիդ սուրբ ըլլալը միայն ոտքդ դնելով կրնաս զգալ, եւ ամէնէն հիմնականը՝ պէտք է ապրիլ եւ հպարտանալ այդ վայրկեանը:

Յատուկ լոյսերու օգնութեամբ, երկիւղածութեամբ, իրարու քաջալերելով կը յառաջանայինք: 7 ժամ ետք արդէն հասած էինք մեր մեծ երազին: Ձիւնապատ սուրբ լերան կատարին ենք արդէն: Յուզուած էինք, ուրախութեան արցունքներ կը կաթէին մեր աչքերէն. »Պիտի հասնինք մեր սրբազան լեռ կատարիդ«, ըսինք ու հասանք:

Եռագոյնը կը ծածանէր Մասիսի գագաթին: Յոյսով ենք, որ պիտի գայ այդ օրը, երբ աշխարհասփիւռ հայերս ազատագրուած պիտի տեսնենք Մասիսը եւ մեր հայկական Քոչարին պիտի պարենք սուրբ լերան լանջին:

Մեծ շնորհակալութիւն՝ մեր երեք ղեկավարներուն, յատկապէս Պետիկ Գասպարեանին, որոնք այս հոգեպարար պահը ընծայեցին մեզի:

Մենք կ՛ուխտենք եւ կը խոստանանք շարունակել մեր պայքարը՝ տեսնել ծովէ ծով Հայաստանը: