Դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի Մեծարման Երեկոյին 350,000 Տոլար Հանգանակուեցաւ Ի Նպաստ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին

Հայաստան, Սփիւռք

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի առաւել քան 300 համակիրներ ներկայ էին Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Քալիֆորնիա Քլապ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցած՝ համալսարանի պատուոյ նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանի մեծարման երեկոյին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Յուլիս 2014-էն մինչեւ Յունիս 2019, համալսարանի 4-րդ նախագահի պաշտօնը ստանձնած դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի ի պատիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին նաեւ կարելի եղաւ հանգանակել 350,000 տոլար, որուն շնորհիւ պիտի հաստատուի «Արմէն եւ Նելլի Տէր Կիւրէղեան կրթանպաստի հիմնադրամը», որ նեցուկ պիտի կանգնի բանակէն վերադարձող եւ Ամերիկեան համալսարանին մէջ իրենց ուսումը շարունակել փափաքող վեթերաններուն։

Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին ձեռարկը կազմակերպած յանձնախումբի համաատենապետները՝ Լորի Մունչէրեան եւ Արսնիէ Ֆիլիփս, որմէ ետք բացման աղօթքը կատարեցին Արեւմտեան թեմի առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։

Այնուհետեւ, Սան Հոզէի նահանգային համալսարանի նախագահ դոկտ. Մերի Փափազեան փոխանցեց ձեռնարկին բացման խօսքը՝ դրուատելով դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի անխոնջ ջանքերը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի բարգաւաճման աշխատանքներուն մէջ։

Ապա ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի եւ համալսարանին Հոգաբարձական խորհուրդներուն անդամ Սինան Սինանեան՝ յիշեցնելով, որ ՀԲԸՄ-ը եղած էր համալսարանի հիմնադրութեան աջակցողերէն մէկը, այդ որոշումը ՀԲԸՄ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած կարեւորագոյն ներդրումը համարելով։

Տեղի ունեցաւ դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի պաշտօնավարութեան օրերուն համալսարանին յատկանշական իրագործումներուն նուիրուած տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը։

Ձեռնարկին ամենաուշագրաւ պահն էր այժմ համալսարանին մէջ ուսանող եւ Հայաստանի բանակի վերթերան զինուոր Արման Վարդանեանի վկայութիւնը։ Ան յոյժ կարեւոր նկատեց համալսարանին խաղացած դերը՝ նախկին բանակայինները քաղաքացիական կեանք հեզասահօրէն վերադարձնելու ջանքերուն մէջ։

Իրենց հօր մասին վկայութիւններ տուին Նայիրա եւ Սեպուհ Տէր Կիւրէղեանները՝ շեշտելով յատկապէս միշտ հայրենիքին զօրակցելու անոր պատրաստակամութիւնը։

Օրուան անակնկալ հիւրն էր դաշնակահար Վահագն Հայրապետեան։

Երաժշտական դադարէն ետք, համալսարանի Հոգաբարձական խորհուրդի ատենապետ Լորընս »Լերի« Փից բեմ բարձրացաւ՝ լուսարձակի տակ առնելով Տէր Կիւրէղեանի իրագործումները եւ մատնանշելով, որ անոր պաշտօնավարութեան օրերուն համալսարանին հկմնադրամը կարելի եղած է 19.8 միլիոնէն 61.6 միլիոն տոլարի բարձրացնել։ Ապա ան բեմ հրաւրելով տէր եւ տկին Արմէն եւ Նելլի Տէր Կիւրէղեանները՝ յայտնի քանդակագործ Մայքըլ Արամի կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ համալսարանի անձնակազմի անդամներուն, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն կողմէ դոկտ. Տէր Կիւրէղեանի մասին վկայութիւնները մէկտեղած հատոր մը յանձնեց ամոլին։

Բացայայտօրէն յուզուած՝ դոկտ. Տէր Կիւրէղեան շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարման այս ձեռնարկին համար, շեշտելով, որ իրեն վերագրուող իրագործումներուն կարելի եղած է հասնիլ համալսարանին բոլոր համակիրներուն համագործակցութեան շնորհիւ։ Ան նաեւ ներկայացուց համալսարանին հիմնադրութեան պատմականը եւ հպարտութեամբ յայտնեց, որ այժմ համալսարանին մէջ կ՛ուսանին 25 երկիրներէ ուսանողներ, մասնագիտանալով զանազան ճիւղերու մէջ։

Աւարտին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նորանշանակ նախագահ դոկտ. Քարին Մարքիտես արտասանեց փակման խօսքը՝ իրեն համար պատիւ նկատելով այս պաշտօնին նշանակուիլ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարեալին, որ կարելին ըրած է՝ փոխանցումը հեզասահօրէն իրականացնելու համար։