Այնճարի Մէջ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ 60-ամեակ, Փայտեայ Խաչի Զետեղում Եւ Վահան Ա. Քհնյ. Քենտիրճեանի Կիսանդրիի Բացում

Սփիւռք

Օրհնութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան  80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակի նշում: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին Նարեկ արքեպիսկոպոս կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որմէ ետք Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւ ստացաւ եւ իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ իր երախտագիտական զգացումներն ու որդիական շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառին` ծաղկեայ փիլոն կրելու պատիւ շնորհելուն համար, նաեւ շնորհակալութիւն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին:

Անկէ ետք ներկաները եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ մասնակից դարձան փայտեայ խաչի օրհնութեան արարողութեան, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ երանեալ Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի կենսանդրիի բացման արարողութիւնը:

Բացման խօսքով Համեստ Ճամպազեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց  Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանին կենսագրութիւնը, որմէ ետք խօսք առաւ Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանին թոռը` Ռեպա Քենտիրճեան-Փիլիպոսեանը, որ ուրախութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար, նաեւ` շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան կիսանդրիի կառուցման աշխատանքներու յաջողութեան: Ան իր խօսքը փակեց` ըսելով. «Կը հաւատամ, որ այս արձանը ո՛չ միայն մեր ընտանիքին համար, այլ նաեւ ապագայի սերունդներուն համար եւս պիտի ըլլայ օրինակելի ներկայութիւն Այնճարի մէջ»:

Ապա խօսք առաւ կիսանդրիի քանդակագործ, արուեստագէտ Յակոբ Ճամպազեանը, որ խօսեցաւ պատանեկութեան օրերէն Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով ապրած ու կազմաւորուած ըլլալու իրողութեան մասին` աւելցնելով, որ իր քանդակներուն ընդմէջէն հոգեկան ամբողջ ներաշխարհը, նաեւ` ծննդավայրէն հեռու, նուիրած է Հայ դատին, հայ ժողովուրդին, Հայաստանին եւ Արցախ աշխարհին: «Հոգեկան ներքին մղումներուս, աստուածատուր տաղանդիս ու ձեռքերուս արուեստի արտայայտութիւնն ու արդիւնքն էր, որ կարելի եղաւ հայ ազգի ու Հայ եկեղեցւոյ զինուորագրեալ առաքեալին` մեր եկեղեցւոյ սրբալոյս խորանին տարիներու անշեղ ու անսակարկ ծառայութիւն մատուցած Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի պատկառելի կիսանդրիի քանդակագործութիւնը», նշեց ան:

Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի կիսանդրիի բացումէն ետք բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր պատրաստուած էր գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը` նշելու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակը:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց թաղական խորհուրդի անդամ Մովսէս Գէորգեանը, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի զոյգ առիթներուն` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակին եւ եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներ ծառայած եւ շինութեան տարիներուն տքնաջան աշխատանք տարած Վահան Ա. քհնյ. Քենտիրճեանի յիշատակի ոգեկոչման: Ապա ան իր յատուկ շնորհակալական խօսքերը ուղղեց նախ վեհափառ հայրապետին, որ ընդառաջեց առաջնորդ սրբազան հօր առաջարկին եւ, թաղական խորհուրդի փափաքին համաձայն, սրբատառ կոնդակով ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին, նաեւ` տէր եւ տիկին Համազասպ եւ Նելլի Ղուկասեաններուն, որոնք իրենց ձեռագործ փայտեայ խաչը զետեղեցին եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Ռեպա Փիլիպոսեաններուն, ինչպէս նաեւ` տէր եւ տիկին Զարեհ Քենտիրճեաններուն, որոնք զարդարեցին եւ հարստացուցին եկեղեցւոյ բակը իրենց մեծ հօր վաստակը խորհրդանշող կիսանդրիով:

Անկէ ետք եկեղեցւոյ դպրաց դասի փոքրերը ներկայացուցին «Եկեղեցին հայկական» եւ «Մուսա Լերան գիւղերէն» երգերը, որմէ ետք Արտակ Կէօքճեանը եւ Մարիա Սգայեանը տեսերիզի ճամբով ներկայացուցին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60 տարիներու պատմութիւնը:

Աւարտին, Նարեկ արքեպիսկոպոս արտասանեց իր սրտի խօսքը ու ըսաւ. «Վստահ եմ, որ անցնող երկու ժամերը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ դրոշմուած պիտի մնան որպէս Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակը իմաստաւորող եւ մեր բոլորին հաւաքական յիշողութիւնը վերաթարմացնող պահը: Եկեղեցիէն մինչեւ սրահ իմ մտքիս մէջ Հայ եկեղեցւոյ ժամերգութեան մաղթանքին հետեւեալ բառերը արձագանգեցին` «Ողորմէ՛ եկեղեցւոյ շինութեան համար աշխատողներուն, երախտաւորներուն, նուիրատուներուն ու ծառայողներուն եւ անոնց, որոնք Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովանիին տակ կը հանգչին»: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնը եւ շնորհաւորեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակը` հաստատելով, որ ժողովուրդն է եկեղեցին: Ապա «Պահպանիչ»-ով փակեց օրուան ձեռնարկը: