ՀՕՄ-ը` Յանուն Բանակի

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի միաւորի նախաձեռնութեամբ` Lernapharm ընկերութեան նուիրաբերած 1600 արկղ դեղորայքը հասած է Հայաստան:

112 հազար ԱՄՆ տոլար արժողութեան 800 հազար հականեխիչ դեղորայքը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով հաւասարապէս պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն: Մասնաբաժին կ’առանձնացուի նաեւ Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական եւ ՀՕՄ-ի Ախուրեանի մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոններուն համար:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ-ի Գանատայի միաւորի ընկերուհիներուն եւ նուիրատու Lernapharm ընկերութեան սեփականատէր, Մոնրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ռազմիկ Մարկոսեանին` Հայրենիքին եւ հայ զինուորին մշտապէս զօրավիգ ըլլալուն համար:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) կանանց բարեգործական կազմակերպութիւն է, ՄԱԿ-ի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հասարակական լրատւութեան բաժանմունքի  անդամ: 17 երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր` աւելի քան 16 հազար անդամով: Հիմնադրուած է 1909 թուականին: