Արցախի Սահմանները Պէտք է Միջազգայնօրէն Ճանչցուին. «ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան Շրջանակի Նախագահ

Հայաստան

Արցախի սահմանները պէտք է միջազգայնօրէն ճանչցուին, քանի որ երկրագունդի տարբեր մասերուն մէջ կան նմանատիպ իրավիճակներ, եւ մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ ըլլան ձգձգուող հակամարտութիւններ, որոնցմով կը հետաքրքրուին շատերը, Արցախի  խորհրդարանին մէջ ըսած է «Ֆրանսա-Արցախ» Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Տեսիեն:

Անոր խօսքով` աշխարհի մէջ կան տարբեր երկիրներ, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր, որպէսզի Արցախը վերադառնայ Խորհրդային Միութեան կողմէ որոշուած սահմաններէն ներս:

«Այդ հեռանկարը, կը կարծեմ, անհնար է: Բաւական է այցելել Արցախ` համոզուելու համար, որ այստեղ ամէն ինչ կը վկայէ հայերու վաղեմի բնակութեան մասին: Սա մեզի համար ազատութեան խնդիր է, եւ մեր հնարաւորութիւններուն մէջ մենք աշխատանքներ պիտի տանինք` Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը նոյնացնելու մեր դիրքորոշման հետ»,- նշած է Տեսիեն:

Ֆրանսայի ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիաս իր հերթին ըսած է, որ ամէնուր, ուր հայերը կը հաստատուին, կը դառնան ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար պայքարող մարտիկներ:

«Բոլոր այն հայերը, որոնք մազապուրծ կարցան հասնիլ Ֆրանսա, անմիջապէս ներգրաւուեցան ֆրանսական քաղաքականութեան մէջ` միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ մնալով իրենց արմատներուն: Ինչ կը վերաբերի Արցախին, ապա պէտք է նշեմ, որ ժողովուրդներն են, որոնք պիտի որոշեն իրենց ճակատագիրը, առանց արտաքին միջամտութիւններու եւ ժողովրդավար հիմունքներով»,- աւելցուցած Փիեռ Ուզուլիաս: