Յայտնի է Վանի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Պատարագին Մասնակցածներուն Թիւը

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի Աղթամար կղզիի Սբ. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան Վանի նահանգային վարչութեան պետ Մուզաֆֆեր Աքթուղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը։

 Աքթուղը նշած է, որ  7-րդ անգամ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին պատմական հայկական Աղթամար կղզի այցելած է 2480 զբօսաշրջիկ:

Աքթուղը նաեւ արձանագրած է, որ կղզիի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը տարիէ տարի կ՛աճի: Ան տուեալներ ներկայացուցած է նախորդ եւ այս տարուան այցելուներու թիւին մասին:

Ըստ որուն` նախորդ տարի Աղթամար կղզի այցելած է շուրջ 157 հազար տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկ, իսկ այս տարուան 9 ամիսներուն կղզի այցելողներուն թիւը  հասած է 170 հազարի: