«Nouvelles d’Arménie»-ի Վրայ Յարձակում

«Օրեր» պարբերաթերթը, վկայակոչելով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, թէ Փարիզի մէջ յարձակում կատարուած է «Նուվել Տ՛Արմենի» հայկական պարբերականի գրասենեակին վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը դատապարտած է խօսքի […]

«Աւրորա» Ամենամեայ Մրցանակի Չորրորդ Դափնեկիր Ճանչցուեցաւ Միրզա Տինային

«Աւրորա» ամենամեայ մրցանակի չորրորդ դափնեկիր ճանչցուեցաւ «Օդային կամուրջ Իրաք» (LuftbrückeIrak) կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ ղեկավար Միրզա Տինային: Մարդասիրական մղումներէ դրդուած` Տինայի, յաղթահարելով դիւանակալային  եւ ճանապարհային բազմաթիւ խոչընդոտներ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող […]

Արիաւանի Մէջ 12 Նոր Բնակարաններ Կը Կառուցուին

Քաշաթաղի շրջանի Արիաւան (Աղաւնոյ համայնք) գիւղին մէջ ընթացքի մէջ է «ԱՐԻ» ներդրումային հիմնադրամի և Արցախի կառավարութեան միջև կնքուած պայմանագրով 12 նոր բնակելի տուներու շինարարութիւնը: Այս մասին «Արցախփրես»-ի թղթակիցին յայտնած է […]

Հայ Դատը Կը Շեշտէ Ամերիկա-Հայաստան Յարաբերութեանց Սերտացման Կարեւորութիւնը

Հայաստանի մէջ բարեկարգումներու նուիրուած՝ «Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողով»-ին (որ ծանօթ է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հելսինքիի յանձնաժողով անունով) քննարկումներու նախօրեակին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յանձնաժողովին ներկայացուց զեկուցում մը, որուն […]

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովի

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 14-19 հոկտեմբեր 2019-ին` Ծաղկաձոր, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան 75 իրաւասու ձայնով  քոյրեր եւ եղբայրներ,  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՄԸՄ-ի […]

Հայաստանի Մէջ YMCA-ի Մարդասիրական Գործունէութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս

Հայ Ազգային հիմնարկին (ANI) եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին համագործակցութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը եւ համալսարանին Հայ ուսանողական միութիւնը պիտի իրականցնեն 1918-1920 տարիներուն, Հայաստանի մէջ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու […]

Թրամփի Խորհրդականները Առաջարկեցին Թուրքիոյ Սպառնալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները անոր առաջարկեցին քանի մը տարբերակներ, որպէսզի ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հեռացնելու Թրամփի մտադրութիւնը իրականացուի առանց արտօնելու Թուրքիոյ, որ ներխուժէ Սուրիա: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”։ […]

Աննախընթաց Տարողութեամբ Ցոյցեր՝ Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի տարբեր քաղաքներու մէջ կը շարունակուին լայնածաւալ ցոյցերը, որոնք կը համարուի երկրի պատմութեան մէջ արտակարգ եւ աննախընթաց երեւոյթ։ Ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան նաեւ երէկ: Չորրորդ օրն ըլլալով լիբանանցիները փակ պահեցին […]