Հայաստանի Նախագահը Ճափոնի Մէջ Ունեցաւ Հանդիպումներ՝ Գործակցութեան Հեռանկարները Քննարկելով

Uncategorized

Աշխատանքային այցելութեամբ Ճափոն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հոկտեմբեր 22-ին առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտի եւ Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես”։

Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն վերաբերեալ. նախագահները համաձայնեցան, որ ներուժը բաւական մեծ է, եւ երկու երկիրները կրնան յաջողութեամբ համագործակցիլ շարք մը ոլորտներու մէջ: Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ Հայաստանի համար հետաքրքրական եւ օգտակար կրնայ ըլլալ տարբեր ոլորտներու մէջ Էսթոնիոյ անցած ուղին ու կուտակած փորձառութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգին, մասնաւորապէս Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան: Ընդգծելով մարդոց միջեւ կապերու խթանման անհրաժեշտութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան երկիրներ մուտքի արտօնագիրներու ազատականցման ուղղութեամբ աշխատանքներու աշխուժացումը:

Նախագահները խօսեցան նաեւ երկու երկիրներու նախագահական կառոյցներուն միջեւ փոխգործակցութեան, մասնաւորապէս՝ փորձառութեան փոխանակման ծրագիրներու իրականացման մասին: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան արդէն նման ծրագիրներ կ՛իրականացնէ այլ երկիրներու հետ:

Նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտ հետաքրքրուեցաւ Սուրիոյ հիւսիսը տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ իրավիճակին նկատմամբ Հայաստանի նախագահին դիրքորոշմամբ: Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ պատմականօրէն ունեցած կապերէն եւ հոն հայ համայնքին ներկայութենէն մեկնած՝ Հայաստան մնայուն կերպով եւ յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ կը փորձէ իր նպաստը բերել մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն: Մտահոգութիւն յայտնելով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ՝ Հայաստանի նախագահը ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը գործնական միջոցներու պէտք է ձեռնարկէ Թուրքիոյ գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ սահմանին երկայնքով Սուրիոյ քաղաքացիներուն, որոնց կարգին ազգային փոքրամասնութիւններուն ապահովութիւնը եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ:

Սերպիոյ վարչապետ Անա Պռնապիչի հետ տեսակցութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահը արդիւնաւէտ նկատեց վերջերս Սերպիա կատարած պաշտօնական այցելութիւնն ու ձեռք բերուած գործնական պայմանաւորուածութիւնները: Ան անգամ մը եւս ողջունեց սերպական կողմին որոշումները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման եւ Հայաստանի մէջ Սերպիոյ Հանրապետութեան դեսպանութեան բացման վերաբերեալ՝ նշելով, որ անոնք կարեւոր քայլեր են երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի նախագահը եւ Սերպիոյ վարչապետը վերահաստատեցին Պելկրատի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, մասնաւորապէս անդրադարձան սերպական Նովի Սատ քաղաքին մէջ ամէն տարի կայացող երաժշտական EXIT փառատօնին զուգահեռ՝ հայկական «Սեւան սթարթափ» փառատօն կայացնելու մտադրութեան՝ տեղեկատուական արհեստագի-տութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան ծիրին մէջ:

Վարչապետ Պռնապիչ ըսաւ, որ յառաջիկային Հայաստան պիտի այցելէ սերպական պատուիրակութիւնը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համագործակցութեան ուղղութիւններուն ու կարելի ծրագիրներուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, Ճափոնի կառավարութեան հրաւէրով, Թոքիոյի մէջ մասնակցեցաւ Ճափոնի նոր կայսեր՝ Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր տօնակատարութեան, որուն ներկայ էին պատուիրակներ աշխարհի 183 երկիրներէ։