Գարեգին Արք. Պէքճեան Քաշուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւններէն

Սփիւռք

Գերմանիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի միաբան Գարեգին արք. Պէքճեան, որ պատրիարքական ընտրութեան երեք թեկնածուներէն մէկն էր եւ լուռ կը մնար վերջին զարգացումներուն դիմաց, Հոկտեմբեր 20 թուակիր նամակ մը յղեց պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանին՝ յայտնելով, որ ետ կը քաշէ իր թեկնածութիւնը։ «Ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ խախտուած են շուրջ 10 սրբազան եպիսկոպոսներու իրաւունքները եւ ջնջուած են անոնց թեկնածու ներկայանալու հնարաւորութիւնները, ես յարմար կը նկատեմ՝ առ ի զօրակցութիւն անոնց թեկնածու չներկայանալ։ Ուղեցոյցին սահմանափակումը ապագային համար պատրիարքարանին ալ վտանգ կը ներկայացնէ։ Կոչ եւ խնդրանք կ՛ուղղեմ միւս երկու հաւանական թեկնածուներուն՝ յանուն հաւասարութեան ու արդարութեան նոյնպէս թեկնածութիւն չներկայացնել»,- գրած է Գարեգին արք. Պէքճեան իր նամակին մէջ։

Գարեգին արք. Պէքճեանի ակնարկութիւնը կ՛երթայ Անգարայի այն որոշումին, որ կ՛արգիլէ արտասահման բնակող թեկնածուներուն մասնակցութիւնը եւ պայման կը դնէ, որ թեկնածուին հայրը Թուրքիա ծնած պէտք է ըլլայ։

Յիշեցնենք, որ 2017-ին Գարեգին արք. Պէքճեան ընտրուած էր Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ, սակայն անոր ընտրութիւնը չէր ճանչցուած Անգարայի կողմէ, եւ իբրեւ հետեւանք՝ ան տարի մը ետք Գերմանիա վերադարձած էր։