«Քրիստոնեաներու Եւ Հրեաներու Հետ Ընկերութիւն Մի՛ Ընէք». Թուրքիոյ Մէջ Հակաքրիստոնէական եւ Հակահրէական Պաստառներ Տեղադրուած են

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան մշակած է օրինագիծ մը, որով երկրի ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն հարցուպատասխանի պիտի կանչուի, որպէսզի բացատրութիւն տայ Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ հանրակառքի կանգառներուն մէջ փակցուած ատելութեան խօսք պարունակող ցուցանակներուն մասին:

«Քրիստոնեաներու եւ հրեաներու հետ ընկերութիւն մի՛ընէք: Անոնք իրարու հետ ընկերութիւն կ՛ընեն: Ձեզմէ ով որ անոնց հետ ընկերութիւն ընէ, ան ալ անոնցմէ է.  այսպիսի տողերով պաստառները տեղադրած էին Անատոլիոյ երիտասարդներու միութեան եւ Ազգային երիտասարդութեան հիմնադրամի անդամները, որոնց ստորագրութիւնը առկայ է պաստառներուն տակ:

Փայլան օրինագիծին մէջ հարցադրումներ կ՛ընէ.

Քոնիոյ քաղաքապետարանի վերահսկողութեան տակ գտնուող կանգառներուն մէջ ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան խօսքեր պարունակող, ատելութենէն դրդուած յանցանքներ խթանող ցուցանակներ տեղադրուելուն ինչպէ՞ս կ’արձագանգենք:

Արդեօ՞ք վերոնշեալ ցուցանակները կախուելէն առաջ չեն ստուգուած քաղաքապետարանին կողմէ:

Ձեր նախարարութիւնը հետաքննութիւնը պիտի՞ չսկսի ցուցանակները կախելուն թոյլտւութիւն տուողներուն վերաբերեալ:

Ատելութեան խօսք տարածող վերոնշեալ կազմակերպութիւններու վերաբերեալ հետաքննութիւն չէ՞ սկսած:

Ձեր նախարարութիւնը ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տանի տեղական մարմիններու մէջ ատելութեան խօսքը կանխելու համար:

Չէ՞ք կարծեր, որ դուք ալ ազդեցութիւն ունիք ատելութեան խօսքի տարածման մէջ:

Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու միութեան նախագահ Էրեն Քեսքին իր հերթին արձագանգած է այս միջադէպին եւ յայտարարած, որ որպէս ՄԻԱ Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողով, հայց ներկայացուցած են ԱԶԿ (իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն) եւ Բարօրութիւն կուսակցութիւններու երիտասարդական թեւ համարուող ԱԵՄ-ի եւ ԱԵՖ-ի դէմ:

Փայլան նաեւ թուիթըրի մէջ գրած է. «Հանդիպած եմ Քոնիոյ քաղաքապետարանի լիազօր անձերու հետ: Հաւաքուած էին քրիստոնեաներու եւ հրէաներու դէմ ատելութեան խօսք պարունակող ցուցանակներու պատճառով իրենց ստացած արձագանգներուն համար: Պիտի շարունակենք ատելութեան խօսքերու եւ ատելութենէն ծնած յանցանքներու դէմ պայքարը»: