Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ազգային քաղաքական մերօրեայ տագնապալի համայնապատկերին վրայ յոյսի ծիածանող շող մըն է «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» անունը կրող գիրքը, որ կը լուսաւորէ մեր միտքն ու հոգին`  բանալով հայ   ժողովուրդի հոգեմտաւոր զարգացման նոր էջ  ու նոր հորիզոններ:

Շատերու մտքին մէջ հարցադրումներու դուռ բանայ թերեւս գիրքին անունը, թէ ե՛րբ հայ կինը սարկաւագութեան ծառայութեան սկսած է,  կամ` հայ կինը պէ՞տք է սարկաւագութեամբ զբաղի. այս եւ նման հարցումներ:

Բայց ահա տոքթ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի հսկայական աշխատանքով ձեռք բերուած ուսումնասիրութիւնները կը բանան ծալքերը հայ կնոջ մասնակցութեան` սարկաւագութեան ճամբով հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան պատմութեան մէջ, բանալով  նաեւ դռները դարերու ընթացքին Հայ եկեղեցւոյ ազատ մտածողութեան եւ հայ կնոջ մասնակցութեան միջեւ, հետեւաբար նաեւ այժմէականութիւնն ու հրամայականը` հայ կնոջ եկեղեցւոյ մէջ ծառայագործելու:

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ տոքթ. Մհեր եւ Նինա Պապեաններուն, իրենց վախճանեալ եղբօր` Կորիւն արք. Պապեանի յիշատակին, մարտ 2022-ին: Լաթակազմ, հայ եկեղեցականին մասնայատուկ մանիշակագոյնով եւ սարկաւագուհիի մը նկարը կողքին, սարկաւագութեան լրիւ հանդերձանքով` ուրար, քշոցով` «տիրական ու վեհ կեցուածքով, ամբողջութեամբ իր համակ եւ յօժարակամ նուիրումին անմնացորդ գեղեցկութիւնը կ՛արտայայտէ» (1):

«Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» կը միտի հայ կանանց սարկաւագի հանգամանքով ծառայագործութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մասնակցութեան ակունքները ուսումնասիրելու եւ ի յայտ բերելու, թէ ո՞ր դարուն, ե՞րբ է, որ հայ կանայք սկսան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մասնակցութիւն ունենալ, եւ ի՞նչ կ՛ըսեն մեր հայրապետները այս աւանդութեան մասին:

Այս գիրքին ընդմէջէն հեղինակը հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ  բիւզանդական, ասորական եւ հայ եկեղեցիներու մէջ կանանց, այրիներու ու  միանձնուհիներու սարկաւագութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան` Գ. դարէն  մինչեւ ԺԱ. ժամանակահատուածը: Համապարփակ կերպով  կը ներկայացնէ փաստարկումներ`  հիմնուելով պատմական, եկեղեցական աղբիւրներու ուսումնասիրութեանց վրայ, կը հայթայթէ մատենագրական հարուստ տեղեկութիւններ եւ կը հաստատէ իր  պրպտումները իւրայատուկ ու հազուադէպօրէն տեսնուած վաւերական լուսանկարներով: Կը ծանրանայ ասորական եւ բիւզանդական աւանդութիւններուն մէջ յիշատակուած սարկաւագուհիներու կանոնագրութեանց, ձեռնադրութեան կանոններուն ու արարողակարգին վրայ:

Կը մէջբերէ բիւզանդական աւանդոյթէն ձեռնադրութեան կարգի կատարումը, որուն ընթացքին յոյն արքեպիսկոպոսը ձեռքը դնելով ձեռնադրուող կնոջ գլխուն` կ՛աղօթէ`

«Սուրբ եւ ամենակարող Տէր, քու միածին Որդիիդ` մեր Աստուծոյ ծնունդով մարմնաւոր կոյսի մը միջոցաւ դուն սրբացուցիր իգական սեռը, դուն ոչ միայն տղամարդոց, այլեւ կանանց կը պարգեւես Սուրբ Հոգւոյն շնորհն ու գալուստը: Կ՛աղաչեմ, Տէ՛ր, նայիր քու այս աղախինին եւ զայն կոչէ  Սարկաւագութեան պաշտօնին…

«Տէր, Վարդապետ, մի՛ մերժեր քեզի նուիրուած եւ քու սուրբ Տան պատշաճ կերպով ծառայելու ցանկութիւն ունեցող կանայք , այլ ընդունիր զիրենք Քու ծառաներուդ կարգին: Տո՛ւր քու Սուրբ Հոգւոյդ պարգեւը նաեւ քու այս աղախինիդ, որ կ՛ուզէ ինքզինք քեզի նուիրել եւ հաստատէ անոր մէջ սարկաւագութեան ծառայութեան շնորհը» (2):

Իսկ ասորական եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագուհիները ոչ միայն եպիսկոպոսներէ ձեռնադրութիւն ստացած են, այլ նաեւ` ս.  պատարագի ընթացքին խորան բարձրանալու եւ  Աւետարանը ընթերցելու  արտօնութիւն:  Կը հաստատուի, որ կանանց սարկաւագութեան  աւանդութիւնը Դ. դարէն շարունակուած է մինչեւ ԺԱ. դար, որմէ ետք սկսած է  տկարանալ:

Հեղինակը կը հասնի Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ կնոջ մասնակցութեան  փաստարկումներուն,  հայ միանձնուհիներու եւ կոյսերու միաբանութեանց կազմաւորումներուն եւ անոնց կառավարման կանոնագրութիւններուն:

Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիներու  մասին արձանագրութիւնները կը սկսին Ը. դարէն,  անոնց մասին ընդունուած օրէնքներն ու կանոնները արձանագրուած են «Կանոնագիրք հայոց»-ի մէջ` պատրաստուած հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս  Գ. Իմաստասէր Օձնեցիի կողմէ:

Իսկ սարկաւագուհի ձեռնադրելու յատուկ աղօթքը` գրաբար, ընթերցողին ուշադրութեան  կը յանձնէ Հայ եկեղեցւոյ հաւասար վերաբերմունքը տղամարդոց ու կանանց հանդէպ` ընդգծելով նաեւ, թէ որքա՛ն հինէն կու գայ աւանդութիւնը:

«Կանոն ձեռնադրութեան սարկաւագ  կանանց, որ են սարկաւագուհիք:

Ասի Սաղմոս. Խ. Դ. Բղխեսցէ սիրտ իմ զպատգամս քո բարիս:

Քարոզէ. խնդրեսցուք հաւատով:

Եւ ասէ զաղաւթս զայս. Տէր բարերար եւ բազմագութ, որ զամենայն արարեր բանիւ  հրամանի քով, եւ ի ձեռն մարմնաւոր տնտեսութեան Միածնիդ քում հաւասարեցուցեր  զարուն եւ զէգն որպէս հաճոյ թուեցաւ քեզ ոչ միայն արանց այլ  եւ կանանց տալ զշնորհս հոգեւորս:  Նոյնպէս եւ այժմ ընտրեա զաղախին քո առ ի պաշտաւն պիտոյից եկեղեցւոյ քո սրբոյ եւ տուր սմա շնորհս ի հոգւոյդ  Սրբոյ, զի պահեսցէ զսա  ամբիծ եւ անարատ ի գործս արդարութեան ողորմութեամբ Քրիստոսի քո: Ընդ որում քեզ Հաւր ամենակալի կենդանարար եւ ազատիչ Սուրբ Հոգւոյդ վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն» (3):

«Քու Միածինիդ մարդեղութեան շնորհիւ սրբութեամբ հաւասարեցուցիր արուն եւ էգը, ինչպէս որ ընդունելի է Քեզի ոչ միայն տղամարդոց, այլեւ կանանց տալ Սուրբ Հոգիին շնորհները, նոյնպէս ալ այժմ ընտրէ Քու աղախինդ քու սուրբ եկեղեցիին մէջ պաշտօնավարելու, եւ տուր անոր սուրբ հոգիին շնորհները (4)»:

Ահաւասիկ Հայ եկեղեցին, «եւ այս աւելի քան տասը հարիւրամեակ առաջ, երբ ո՛չ ֆրանսական յեղափոխութեան «Եղբայրութեան, հաւասարութեան եւ ազատութեան կարգախօսին, նաեւ ամենեւին ո՛չ Ի. դարու Ֆեմինիստական շարժումի մը կարիքը զգացուած է»,  իրաւացիօրէն  կը հաստատէ տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեան:

Շարունակելով դրուատել պայծառամիտ ու լուսափայլ միտքը հայ եկեղեցականին` տէր Աբէլ քհնյ. օրինակներ  կը բերէ Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»-էն, ուր`  «Սարկաւագուհիները կրնան աւետարան կարդալ, քարոզ ըսել, սկիհը սենեակէն խորան բերել, քշոց քշել, խունկ ծխել, եւ եթէ քահանան հրամայէ, կրնան նաեւ սարկաւագուհիներ ձեռնադրել, որպէսզի անոնք եւս կարենան քարոզել կանանց եւ Աւետարան կարդալ այնտեղ, ուր տղամարդ պիտի չմտնէ»:   Նաեւ հիանալիօրէն վեր կ՛առնէ բարձրաստիճան  հայ հոգեւորականին լայնախոհ ու մեծահոգի ազատամտութիւնը` Հայ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ սարկաւագուհիներ ունենալու աւանդութեան:    Թանկ վկայութիւն մը ըմբռնելու իրողութիւնը եւ բնութագրելու գնահատականը` հայ մշակոյթի միջնադարու մտքի հսկաներուն:

Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեան արդարօրէն իւրաքանչիւր հատուածի, իւրաքանչիւր նոր մտքի  յայտնաբերման առթիւ կը զուգակշռէ ժամանակակից մտածողութեան եւ  զարգացող գաղափարախօսութիւններու հետ` համեմատելով զանոնք ներկայի հոգեբանութեանց հետ:

Ինչո՞ւ այս գիրքը:  Ի՞նչ կը հետապնդէ հեղինակը` մատնանշելով սարկաւագուհիներու մուտքը Հայ եկեղեցիէն ներս սա կամ նա  դարուն: Ան նպատակ չունի ջատագովելու ազատամտութիւնը, կամ քաղաքականացուած ուղղութիւններէ մեկնած` նորութիւններ առաջարկելու ու պահանջելու հայ կանանց  մասնակցութիւնը եկեղեցիէն ներս: Հեղինակը,  ըլլալով հայ եկեղեցւոյ սպասաւոր, շփուելով  ժողովուրդին եւ արեւմտեան եկեղեցիներու աստուածաբաններուն եւ եկեղեցագէտներուն հետ, մանաւանդ երբեմն եւ յաճախ մեր եկեղեցւոյ խեղճ ու տխուր կացութենէն նեղացած` կը մղուի  հարց տալու, թէ երբ կինը այսօր ընկերային, տնտեսական, գիտական, քաղաքական բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը յաջողի այր մարդուն համահաւասար գործ կատարել, մինչեւ իսկ անջրպետ հասնիլ, ինչո՞ւ պիտի չկարենայ նաեւ եկեղեցւոյ կեանքին մաս կազմել եւ նպաստել եկեղեցւոյ բարգաւաճումին, մանաւանդ որ ամուր հիմքեր գոյութիւն ունին մեր պատմութեան մէջ անոր մասնակցութեան գծով: Ուսումնասիրութիւններու վրայ յենած` կ՛առաջարկէ շարունակել դարեր առաջ որդեգրուած ուղղութիւն մը, որ այսօր շատ այժմէական է: Խօսքը չի վերաբերիր տիկնանց յանձնախումբերուն, առաջնորդարանի վարչական, քարտուղարական գործերուն կամ եկեղեցւոյ համար եկամուտ ապահովող ճաշկերոյթներ կազմակերպելու, այլ` որոշումներ կայացնելու մակարդակի մասնակցութեան, ի նպաստ կամ ի շահ միայն եւ միայն եկեղեցւոյ, հայ կեանքի զարգացման ու բարելաւման:

Հեղինակը 1980-ականներէն արդէն լծուած է այս գործին, հրատարակած` յօդուածներ, 1990-ին հրատարակած է «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԻՑ ԴԻՏՈՒԱԾ» գրքոյկը, 48 էջ, հրատարակուած Թորոնթոյի մէջ, երբ տակաւին աբեղայ էր Ս. Էջմիածնի միաբանութեան: Այդ գիրքի  կողքին վրայ եւս զետեղուած է լուսանկարը սարկաւագուհիի մը, սարկաւագութեան հանդերձանքով, ճիշդ նմանը` նոր հրատարակուած գիրքին վրայ զետեղուած լուսանկարին: Ահաւասիկ որքան կանուխէն լծուած է այս աշխատանքին` պարզապէս եւ յարատեւ կերպով փնտռելով մեր եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց եւ արձանագրութիւններուն մէջ ցայսօր շարունակուող սարկաւագուհիներու աւանդութեան արմատները: Աւելի՛ն. հաստատելու համար, որ մեր եկեղեցին պաշտօնապէս ընդունած է սարկաւագուհիներ ձեռնադրելու կանոնը մեր հայրապետներու կամքով ու տնօրինութեամբ եւ կը շարունակէ պեղել` գիտնալու համար, թէ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչո՞ւ այսօր  մեր եկեղեցին  այդքան զօրաւոր կերպով կը հակազդէ, դէմ կը կենայ սարկաւագուհիներու ձեռնադրութեան  եւ հանգելու վրայ է այսքան սրտառուչ ու աստուածհաճոյ  առաքելութիւն մը: Բնականաբար դարերու ընթացքին ընկերային, կրօնական ներխուժումներու, աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու պատճառով տկարացած է աւանդութիւնը, սակայն չէ շիջած, ինչպէս է պարագան այլ եկեղեցիներու, ուր ժամանակի ընթացքին կանանց մասնակցութեան երեւոյթը գրեթէ անհետացած է:

Ամենայն աչալրջութեամբ, գիտական ճշգրտութեամբ  եւ պատմական  բծախնդրութեամբ, հետեւողականօրէն կը պեղէ հայ մատենագիրներու  բանասիրական ուսումնասիրութիւններու էջերը եւ կը հրամցնէ մեր մատենագիրներու  ամէնէն նախանձախնդիր պահապաններէն վկայութիւնները, փաստարկումներ Մխիթար Գօշէն, Սմբատ Սպարապետի «Դատաստանագիրք»-էն (1265),  Սիւնեաց արք. Ստեփանոս Օրբէլեանէն` «Պատմութիւն նահանգին Սիսական» 1299-ին խմբագրուած գործին մէջ` հաստատելու համար, որ Հայ եկեղեցին ունեցած է սարկաւագուհիներ, ձեռնադրութեան արարողակարգ եւ    կանոնագրութիւն, որ կը սահմանէ կանանց մասնակցութեան աստիճանը ու ստուգանիշները: Ինքնավստահօրէն  կը յանգի այն հաստատ համոզումին, որ շնորհիւ Հայ եկեղեցւոյ  պայծառատեսիլ  ու լուսամիտ հայրապետներու յառաջադէմ եւ արդար կեցուածքին` հայ կանանց ծառայագործելու մարդկային ամենավեհ բնազդը քաջալերուած է սարկաւագուհիներու կարգի հաստատումով, եւ այս` բխելով աւետարանի իսկ մեկնութենէն, թէ Աստուած արուն եւ էգը հաւասար  ու իրարու համար ստեղծեց`  ի սպաս Հայ եկեղեցւոյ պայծառացման ու յառաջընթացին:

«Մեր իմացականութիւնը պալատներէ հալածական ապաստան որոնեց մեր վանքերու ամայքներուն ներսը ու պահեց անմար ու ազազուն ջահը Լոյսին» (5), եթէ Օշական հայ մարդուն, յատկապէս հայ վանականին, կ՛ակնարկէ այս խօսքերով, ապա հայ կինը չենք կրնար զանց առնել այդ բնութագրումէն: Հայ կինը եւս իր հոգեւոր եւ մտաւոր թռիչքները դարերով խեղդեց հոգիին մէջ, սակայն գտնուեցան յախուռն ու խիզախ անձինք, որոնք յաջողեցան նուաճել ընկերային պատուարները եւ նուիրուիլ իրենց հոգիին մէջ եռացող ստեղծագործական բնազդին ու տաղանդին:

Գիրքը կը զարգանայ` հասնելով 18-րդ, 19-րդ, 20-րդ դար,  երբ արդէն կը ծաւալին միանձնուհիներու կուսանոցները,  հայրենի աշխարհի թէ  Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս, Նոր Ջուղայի Ս. Կատարինէ, Կ. Պոլսոյ Գալֆայեան որբանոցի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ`  Գայեանեանց կրօնաւորհուեաց  կարգով: Այս կեդրոնները, որոնք վանքեր կամ եկեղեցիներ եղած են, հետզհետէ, ժամանակի մարտահրաւէրներուն չդիմանալով, հանգած են: Հանգած են նաեւ սարկաւագուհիներուն եւ միանձնուհիներուն կեանքերը տխուր  ու շատ թշուառ պայմաններու տակ`  անհետանալով անոնց հետ հոգեւոր եւ ընկերային ծառայութիւնը:

Աբէլ քհնյ.  վերջապէս կը հասնի մեր ժամանակներուն,  կ՛անդրադառնայ տակաւին շարունակող եկեղեցական վարչական կառոյցներու անհեռանկար ու կարծրատիպերով առաջնորդուելու գործունէութեան, որոնք արգելք կը հանդիսանան սարկաւագուհիներու ձեռնադրութեան կամ  յաւելեալ իրաւասութիւններ տալու տրամադրութիւններուն, (առաւելաբար Էջմիածնի Նուիրապետական Աթոռը (6), Կիլիկեան Աթոռը աւելի լայնախոհ ու հանդուրժող եղած է պատմութեան ընթացքին) ո՛չ մէկ արդարացում կամ ո՛չ մէկ եկեղեցագիտական հիմք կը գտնէ` զլանալու  անոնց  սպասարկելու Հայ եկեղեցւոյ սուրբ խորանին: Երբ մանաւանդ մեր ժամանակները կը յատկանշուին ժողովրդավարութեան ու  երկխօսութեան արժէքներով, սարկաւագուհիներու թէ հայ եկեղեցւոյ պանծացման հարցերը կը վերաբերին հաւասարապէս նաեւ  հայ աշխարհական դասուն` կին թէ այր, երկխօսութեամբ որոշումներ կայացնելու: Ժողովրդավարութիւնն ու երկխօսութիւնը միակ յառաջ մղող ճանապարհն է` ստեղծելու ընկերութիւն մը, ուր մարդկային արժէքները կը պահպանուին ու կը յարգուին: Ահաւասիկ` հեղինակին համոզելու հիմքերը եւ կերպը:

***

Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի լեզուն մաքուր,  մտքերը յստակ ու հիմնաւոր, դրսեւորուած գեղեցիկ հայերէնով, ուսումնասիրութիւնները խորունկ, մեկնաբանուած համահունչ` Հայ եկեղեցւոյ կանոնագրութիւններուն,  ընթերցանութիւնը կը վերածէ վայելքի, կը սահի ու կը հասնի ժամանակակից եկեղեցական, կղերական դիտարկումներուն, ուր հիանալի կերպով եւ առողջ դատողութեամբ Հայ եկեղեցին կը դնէ հարցադրումներու առջեւ, երբ անոնք կը մնան կամ կը յամառին իրենց ոչ ուղղափառ մեկնութիւններէն ուղղուելով, որոշումներ կայացնելու սխալ կեցուածքներուն, ինչպէս ինք կը հաստատէ.

«Կանանց հոգեւոր պաշտօն ստանձնելու պահանջին հակառակ չկան աստուածաբանական լուրջ փաստեր, նաեւ այս ուղղութեամբ գոյութիւն չունին կրօնագիտական ծանրակշիռ առարկութիւններ (7)»:

Իւրաքանչիւր հատուածի աւարտին հեղինակը իր  հատու խօսքը ունի` յենած մեր պատմութեան տուեալներուն վրայ,  ժամանակակից մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման որդեգրելիք որոշումներու առնչութեամբ:

2010-ին Արամ վեհափառ հայրապետ, իր սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարի նուիրելով թեմայի մը, «Հայ կնոջ տարի» յայտարարեց` ակնկալելով, որ մեր կազմակերպութիւններն ու թեմական  խորհուրդները յառաջ կու գան նշուած նիւթին տարբեր երեսները խորքով ու ծաւալուն կերպով քննելու ժամանակակից պայմաններու պրիսմակէն դիտուած: Աւա՜ղ, անխտիր գրեթէ բոլորը անտարբեր կրաւորականութեամբ,  դասական քանի մը նշումներով վատնեցին ժամանակն ու առիթը, առանց երբեք նոր միտք ու նոր առաջարկ բերելու` բարեփոխելու մեր կառոյցները:

Վեհափառ հայրապետը` Արամ Ա., ինքն էր դարձեալ, որ կազմակերպեց երեք համագումարներ, որոնցմէ մին` «Հայ կնոջ դերը եկեղեցիէն ներս»  նիւթով: Բայց, ափսո՜ս, ոչ մէկ միտք կամ առաջարկ ներկայացուեցաւ այս հարցին վերաբերեալ, կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը պարպեր է հայը ազգային բովանդակութենէ  ու կը քանդէ մեր կառոյցները ժամանակի ընթացքին, եւ սակայն մենք կը շարունակենք  անշեղ կերպով ընդդիմանալ ժամանակակից պահանջներուն:

Գիրքը կ՛աւարտի «Արեւագալի նոր յոյսեր» գեղեցիկ եւ յուսադրիչ վերնագիրով:  Գիրքին վերջաբանը կը հիւսէ գովքը իր հոգեւոր եղբօր` հոգելոյս Զարեհ սրբազան Ազնաւորեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն,  իր հոգիին  պարտքը տալով` ամբողջութեամբ մէջբերելով կանոնագրութիւնը, որ վախճանեալ սրբազանը պատրաստած է «Թռչնոց բոյն»-ի Գայեանեանց  միաբանութեան համար 1989-ին` գլխաւոր նպատակ ունենալով փրկել կանոնագրութիւնը հաւանական կորուստէ, որովհետեւ  ցարդ կը մնայ անտիպ: Այսպիսով, կանոնագրութիւնը կը յանձնէ ապագայ սերունդներուն` իբրեւ ուսանելի եւ գործադրելի ուղեցոյց մը: Ի դէպ, «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» գիրքը  եւս մեր եկեղեցագիտութեան դասընթացքներուն անառարկելի եւ  պարտադիր ընթերցանութեան նիւթ պէտք է ըլլայ` հասնող սերունդներուն  փոխանցելու մեր պատմութիւնը, լաւապէս ուսանելու եւ չարմատաւորելու կարծրատիպերը` շեշտելով տան մէջ հաւասարապէս վերաբերելու կարեւորութեան, տղայ կամ աղջիկ զաւակներուն հանդէպ, տունէն սկսելով կարծրատիպերու կազմաքանդումը:

Եւ վերջապէս, Աբէլ քհնյ. Մանուկեան կ՛աւարտէ իր ըսելիքը` իրապաշտ եւ խիզախ եզրակացութեամբ, ուր տեղ կը գտնեն իր մտահոգութիւններն ու ցաւերը Հայ եկեղեցւոյ շիջող աւանդութեան մը նկատմամբ, որուն այնքան կարիքը կայ այսօր ոչ միայն սփիւռքի գաղութներու ազգային, հոգեւոր եւ կրօնական ծառայութեան մէջ, այլ նաեւ հայրենիքի ամբողջ տարածքին եւ խօսքը կ՛ուղղէ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական հայրերուն` ականջ տալու կարիքի մը  եւ թօթափելու կարծրատիպերը  արական դասուն վերապահելու  ազգ մը առաջնորդելու մենաշնորհը եւ միասնական ճիգերով առիթը տալու անոնց, որոնք կոչումն ու պատրաստակամութիւնը ունին ծառայելու Հայ եկեղեցւոյ սրբազան խորանին,  չզլանալով ծառայագործութեան աստուածահաճոյ առաքելութիւնը անոնց:

Այս գիրքով  մենք ոչ միայն հետաքրքրական եւ հաճելի ընթերցանութեան մը վայելքը ապրեցանք, այլ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ կանանց  մասնակցութեան  շղթային պակսող օղակներ յայտնաբերեցինք: Այս աւանդութիւններու ուլունքաշար շղթան կը սկսի  Գ. դարէն, սարկաւագուհիներով եւ ինչպէս դարեր շարունակ, այսօր Աբէլ քհնյ. Հայ եկեղեցւոյ ղօղանջները կը հնչեցնէ` սթափելու եւ կառչելու մեր արմատներուն, ներշնչուելու մեր պայծառատեսիլ հայրապետներու լուսամիտ կերպարներով, թափանցելու քրիստոնէական պատգամներու էութեանն  ու յաւելեալ յանձնառութիւններ վստահելու սարկաւագուհիներուն` հասնելու համար Հայ եկեղեցւոյ առաւել եւս լուսաւորութեան, նուիրագործումովը հայ անհատին` կին թէ այր.

«Մի՛ ինչ նոր  կամ անարգ համարեսջիք զայս,
ո՜վ սուրբ եղբարք, այլ ի սրբոյ առաքելոյն աւանդութիւնէ ուսնաիմք,
քանզի ասէ թէ յանձն առնեմ ձեզ Փիբէ զքոյր մեր, որ է սպասաւոր եկեղեցւոյ (8):

Ահա այս յորդորով կը փակէ գիրքը Աբէլ քհնյ. Մանուկեան:

19 յուլիս 2022

(1).- Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեան
(2).- Տես` Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեան «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիներ»-ը, էջ 35-38 թուականն ու աղբիւրները:
(3).- Տէր Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան Հայ եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները էջ 50
(4).- Նոյնը` էջ` 49-50 :
(5).- Յ. Օշական, «Համապատկեր հայ գրականութեան», էջ 489:
(6).- Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները», էջ` 165-166:
(7).- Նոյնը, էջ 169-170:
(8).- էջ 176