Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը Պէտք է Լուծուի Եռակողմ Յայտարարութեան 6-րդ Կէտի Հիման վրայ. ՌԴ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը պէտք է լուծուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի հիման վրայ: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ տպագրութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Իվան Նեչաեւը։

Նեչաեւը յիշեցուցած է, որ Օգոստոս 4-ին ՌԴ ԱԳՆ-ն տարածած է յայտարարութիւն՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի սրման հետ՝ երկու կողմերուն կոչ ընելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ պահպանելու հրադադարը։

«Կը վերահաստատենք բոլոր հարցերը լուծելու անհրաժեշտութիւնը՝ համաձայն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններուն: Ատիկա կը վերաբերի նաեւ Լաչինի միջանցքին, որուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակը պէտք է լուծուի 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի հիման վրայ, որ կը սահմանէ, որ կողմերուն համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարիներուն պիտի որոշուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիր՝ ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի յետագայ վերաբաշխմամբ այս երթուղին պաշտպանելու համար»,- ըսած է Նեչաեւը:

Անոր խօսքով՝ բոլոր վերոնշեալ հարցերը, նաեւ՝ Լաչինի միջանցքի հարցը, խորհրդակցութիւններու առարկայ են՝ ազրպէյճանական ու հայկական կողմերը գոհացնող լուծումներ գտնելու նպատակով:

«Քաղաքական անմիջական քննարկումներուն զուգահեռ աշխոյժ կերպով կ՝աշխատին նաեւ ռուս խաղաղապահները, որոնք անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրեն տեղւոյն վրայ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ։ Աւելի կանուխ ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ մէկ անգամ չէ որ ընդգծած են ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կարեւոր դերակատարութիւնը։ Խաղաղապահներու նկատմամբ առանձին քննադատութիւնները արդարացի չենք համարեր»,- ըսած է Նեչաեւը։