2020-էն Ի Վեր 303 Անձ Հայաստանէն Դեռ Անյայտ Կորած Կը Համարուի. Կարմիր Խաչ

Աշխարհ, Հայաստան

Հակամարտութեան 2020-ի սրացման հետեւանքով՝ 303 անձ Հայաստանէն դեռ անյայտ կորած կը համարուի։ Նման տեղեկութիւն տարածած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ)` ամփոփելով ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին ըրած աշխատանքը։

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չեզոք, անկողմնակալ ու անկախ կազմակերպութիւն է, որ մարդասիրական պաշտպանութիւն եւ աջակցութիւն կը տրամադրէ զինուած հակամարտութենէն եւ բռնութեան այլ իրավիճակներէ տուժած անձերու:

2022-ին կը լրանայ ԿԽՄԿ-ի՝ տարածաշրջանին մէջ ներկայութեան 30-ամեակը: 1992-էն ի վեր ԿԽՄԿ-ն մարդասիրական գործունէութիւն կը ծաւալէ տարածաշրջանին մէջ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ: Երեւանի եւ Պաքուի մէջ իր պատուիրակութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առաքելութեան միջոցով՝ ԿԽՄԿ կ՝աջակցի հակամարտութենէն տուժած անձերուն, կը բարձրացնէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի (ՄՄԻ) վերաբերեալ իրազեկման մակարդակը եւ առաջ կը տանի անոր կիրարկումը՝ գործելով իբրեւ չեզոք միջնորդ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ:

Երեւանի մէջ մեր պատուիրակութեան եւ Իջեւանի ու Գորիսի մէջ ենթապատուիրակութիւններուն միջոցով շարունակական աջակցութիւն կը ցուցաբերենք Ղարաբաղեան հակամարտութեան 2020-ի աշնան սրացման հետեւանքով տուժած անձերուն: Կը շարունակենք իրագործել սահմանամերձ համայնքներու դիմակայութեան ամրապնդման ծրագրերը, ինչպէս նաեւ սերտօրէն համագործակցիլ Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան (ՀԿԽԸ) հետ՝ հակամարտութեան սրացումէն տուժած քաղաքացիական բնակչութեան աջակցութեան իրենց ծրագրերուն ծիրէն ներս:

Կը շարունակենք նաեւ զանգեր եւ այցեր ստանալ հակամարտութեան հետեւանքով անյայտ կորած անձերու ընտանիքներէն, որուն իբրեւ արդիւնք հարիւրաւոր որոնման յայտեր արձանագրած ենք անյայտ կորած քաղաքացիական անձերու եւ զինուորականներու վերաբերեալ:

Բացի այդ, աճիւններու նոյնականացման գործընթացին ժամանակ տրամադրած ենք արհեստագիտական եւ նիւթական, նաեւ՝ դատաբժշկական փորձագիտական աջակցութիւն, որպէսզի աճիւնները հնարաւորինս շուտ փոխանցուին ընտանիքներուն: