Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Արեւմտահայերու Մասին Պատմական Դրուագ Մը Յիշեցուցած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը ելոյթ ունեցած է Անգարայի մէջ գումարուած Դիւանագէտներու 13-րդ համաժողովին։ Շենթոփը շեշտած է, որ Թուրքիան վճռականութիւն ունի վերափոխուող աշխարհի մէջ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու իբրեւ ազդեցիկ եւ որոշիչ դերակատար։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Յայտնի խօսք է՝ քանի դեռ ձեր ուժի ստուէրը չէ ինկած բանակցային սեղանի վրայ, չէք կրնար դիւանագիտութիւն ընել։ Իրավիճակը լրիւ իմաստով այսպիսին է․ Օրինակ, 1920թ. մեր արտաքին գործոց առաջին նախարար Պեքիր Սամի Բէյի՝ Մոսկուա այցին ընթացքին՝ Թուրքիոյ աջակցութեան դիմաց հայերուն Արեւելեան Անատոլիայի մէջ (Արեւմտեան Հայաստան-խմբ.) հող տալու պայմանը ներկայացուցածները 7 ամիս անց այդ պահանջէն հրաժարեցան եւ 1921թ. Մարտ 16-ին բարեկամութեան պայմանագիր ստորագրեցին»,- վերյիշած է Շենթոփը՝ նշելով, որ անոր հիմքը Թուրքիոյ տարած յստակ յաղթանակներն էին արեւելքի մէջ՝ հայերու, հարաւի մէջ՝ ֆրանսացիներու, իսկ արեւմուտքի մէջ՝ յոյներու դէմ։