Սփիւռքը Նոր Մարտահրաւէրներուն Ընդառաջ (Բ.). Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ծ․Խ․- 2022-ը հռչակուած է Սփիւռքի տարի: Նախորդ տարիները ունեցան այլ խորագիրներ: Այս սիւնակներով, Սարգիս Մահսէրէճեան փորձ կ’ընէ, ընթացիկէն քիչ մը աւելի լայն տարածքով եւ հորիզոններու դիմաց դիտել մարտահրաւէրները, որոնք կը ներկայացնենք երք անգամով:

  • ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ…

Եթէ քիչ աւելի խորաթափանց աչքով դիտենք Սփիւռքը բաղկացնող երկիրները, պիտի տեսնենք, որ այս հսկայական տարածքին մէջ, կան «բնական» ենթաշերտեր, որոնցմէ մէկն ու միւսը ունին նմանութիւններ եւ զգալի տարբերութիւններ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս այսօր պատմութեան էջերուն անցած անցեալի գաղութները: Շատեր ունին իրենց տեղական պատմութիւնն անգամ:

Տարբերութիւնները կը ծնին բազմաթիւ ազդակներէ. գաղութի կազմաւորման առարկայական պայմանները: Անմիջապէս արձանագրենք, որ գաղթօճախները ո՛չ մէկ ատեն ծնած են նախօրօք տրուած որոշումով, ո՛չ ալ կազմալուծուած ու ձուլումի զոհ դարձած՝ որոշումով. անհատներ կրնան որոշումով գաղթական դառնալ, սակայն գաղութի մը կազմաւորումն ու կազմակերպ կեանքը կը հետեւին տարբեր օրէնքներու՝ պահանջներու, բազմերես կարիքներու, որոնցմէ մէկն է հայութեան, հայ կեանքին հետ կամուրջներու ստեղծումն ու պահպանումը, իսկ այդ պահանջին թուլացումը պատճառներէն մէկն է գաղութի լուծարման: Առարկայական պայմաններուն շարքին է տուեալ երկրին իրավիճակին ազդեցութիւնը (իրավիճակ ըսելով, կը հասկնանք քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ բազում այլ ազդակներ), այլ երկիրներու-ուժերու հետ յարակցութիւնն ու անոնցմէ հասած ազդեցութիւնները եւ այլն: Այս բոլորին կու տանք «տեղական պայմաններ» ընդհանուր որակումը:

Դարձեալ խօսինք օրինակով մը. որոշ երկրի մը մէջ, ուսումնական համակարգը ունի նախադրեալներ ու պայմաններ, որոնք կրնան տարբեր ըլլալ այլ երկրի մը հարկադրած պայմաններէն (լեզուներ, պետական քննութիւններու հարկադրանք, համալսարան մուտքի նախապայմաններ-պահանջներ…): Սա կ’աձանագրենք՝ ո՛չ թէ ընդհանուր հարցը փոքրացնելու, նեղ սահմանի մը մէջ դիտելու մօտեցումով, այլ նշելու՝ որ սփիւռքեան որեւէ օճախ բացարձակապէս ինքն իր գլխուն տէրը չէ, այլ ստիպուած է ենթարկուելու տուեալ երկրին պահանջներուն, պայմաններուն, պէտք է ներգրաւուի անոնց մէջ, քայլ պահէ այդ երկրի կեանքին հետ: Սա արդէն կը ստեղծէ տարբերութիւններու այլ մակարդակ մը, այսինքն, տուեալ գաղութ մը, իր կամքէն անկախ, կ’ապրի այլ գաղութէ մը բոլորովին կամ մասամբ տարբեր կեանք մը, տուրք կու տայ տարբեր հրամայականներու: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ հայկականութիւն կոչուած հասկացութիւնը որոշ այլափոխում կը կրէ, նահանջ կ’արձանագրէ ինքնաբերաբար, անիկա հաճոյ թուի գաղութի տէրերուն, թէ՝ զանոնք դնէ որոշ անտարբերութեան դիրքի վրայ: Քիչ մը աւելի՛ մանրամասնելով, կրնանք տեսնել, որ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու կամ Գանատայի մեր գաղութները ինչպիսի՛ առարկայական տարբերութիւններու ենթակայ են, բաղդատելով իրարու հետ, կամ՝ այլ գաղութներու, հետեւաբար, որոշ ժամանակ ետք, պարզ աչքով կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւրը միւսէն տարբեր «կենդանի» մըն է (կենդանի եզրը չենք գործածեր արհամարհական կամ մէկը միւսէն ստորադաս սեպելու տրամաբանութեամբ): Տարբերութիւնները աւելի՛ ակներեւ կը դառնան, երբ շարժինք դէպի արեւելք, այսինքն՝ նկատի ունենանք միջին-արեւելեան մեր գաղութները եւ արեւմտեան օճախներուն հետ անոնց ստեղծած՝ ակամայ հեռաւորութիւնները (ոչ աշխարհագրական առումով): Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ (դարձեալ նեղ օղակի մէջ առնուած օրինակով մը), որոշ գաղութի մը մէջ հազար ու մէկ դժուարութեամբ խմբագրուած-պատրաստուած դասագիրք մը ընդունելի, մատչելի կամ յարմար չի նկատուիր այլ գաղութի մը մէջ:

Հոս կ’ուզենք բանալ փակագիծ մը: Մասնաւորաբար արեւմտեան կարգ մը կազմակերպ գաղութներու մէջ, մեր ակնարկած անտարբերութիւնը երբեմն կ’ունենայ յաւելեալ ցաւցնող եւ մարդակերտ դրսեւորումներ: Հայկական դպրոցը հետզհետէ կը դիտուի իբրեւ ապահով միջավայր՝ ծնողներու համար (հանրային դպրոցին մէջ կան կռուազան խմբակներ, թմրեցուցիչի եւ բարոյականութեան վնասող այլ գործօններ), իսկ դպրոցը կառավարողներու համար՝ առաւելաբար տնտեսական յանձանձումի ենթակայ հաստատութիւն (որքան մեծ ըլլայ աշակերտներու թիւը, կրթաթոշակներէն գոյացած եկամուտը կ’ըլլայ աւելի): Տեղ-տեղ ստեղծուած է վիճակ, ուր պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողներ… ճակատումի մէջ են հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու հետ, դէմ կը կանգնին հայերէն գիրքերու ընթերցման անոնց թելադրանքին կամ այդ նիւթերը չեն դիտուիր իբրեւ առաջնահերթ: Նման պատասխանատուներ իբրեւ «դաշնակից» ունին մեծ թիւով ծնողներ, որոնք հայերէնին կը մօտենան իբրեւ «փոր չկշտացնող, հետեւաբար՝ անկարեւոր ապրանք» («Հայերէն գիրք կարդալով՝ մեր զաւակները հայագէ՞տ պիտի դառնան»ը արդէն համատարած մտածողութիւն է քիչ մը ամէն տեղ): Ալ ի՜նչ խօսք՝ հայկական դպրոցներու մէջ խօսակցական լեզուին մէջ օտար լեզուներու տիրապետութեան, երբ հայ ուսուցիչն իսկ կը ստիպուի հայերէնով աւանդուած դասապահերուն օտար լեզուներու դիմելու՝ որպէսզի… հասկցուի աշակերտին կողմէ:

Անշուշտ տարբերութիւններ կան եւ աստիճանաբար կը խորանան-կը զարգանան՝ ապրելակերպի-կենցաղի, տնտեսական-ընկերային եւ այլ գետիններու վրայ: Օրինակի համար, որոշ գաղութի մը մէջ հասակ առած, ասպարէզի մը մէջ վաստակ ու դիրք կերտած անձ մը դժուարութիւն կ’ունենայ (երբեմն ալ անյաղթահարելի խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ) այլ գաղութ տեղափոխուելով, կը մոռնայ, թէ բոլոր գաղթօճախներն ալ, ի վերջոյ, մասնիկներն են Սփիւռք կոչուած համայնակուլ կենդանիին…: Սա քննարկման դաշտերու մէջ չառնուած երես մըն է սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ, թէեւ ազդու է: (Հարցը ունի բազմաթիւ երեսներ. Օրինակ, միջին արեւելեան երկրի մը մէջ մասնագէտ բժիշկ մը, ատամնաբուժ մը կամ ճարտարապետ-եարտարագէտ մը, գիտական կալուածի մէջ հմտացած վաստակաւոր մը, արեւմտեան երկիր մը տեղափոխուելով՝ կրնայ հարկադրուիլ, մարդածին օրէնքներու ճնշումին տակ, դառնալու… ճաշարանատէր կամ մեղուիլ կալոածային առեւտուրի դաշտ: Իսկ ազգային կեանքին մէջ ծառայողներ՝ ուսուցիչ եւ ընդհանրապէս գիրի մարդիկ, դէմ յանդիման կը գտնուին բազմապիսի խոչընդոտներու եւ կը ստիպուին հրաժեշտ տալ իրենց վաստակը կերտած ասպարէզին, այլապէս պատճառելով մարդուժի մսխում…):

Փակենք «մանրուքներ» նկատի ունեցող այս փակագիծը, առանց ամոքուած զգալու:

  • …ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վերոյիշեալ տարբերութիւնները պարզապէս օրինակներ են այն տարաբնոյթ համայնապատկերին, որ վիճակուած է Սփիւռքին: Գոնէ տեղ մը արձանագրենք նաեւ, որ այս համայնապատկերին դիմաց, կայ Հայրենիք կոչուած միաւորը, որ այլապէս տարբեր «կենդանի» մըն է համայն հայութեան պատկերին մէջ, ունի իր ցաւերն ու մասնակից է համահայկական կոչուած ողբերգութիւններուն, ո՛չ միայն քաղաքական-ապահովութեան առումով: Հայրենիքը կ’ապրի նաեւ իր առանձին ողբերգութիւնները, սկսելով մշակութային մարզէն՝ մինչեւ քաղաքական-պետականաշինութեան կալուածները: Անոնք յարակից են մեր շօշափած նիւթին, սակայն կ’իյնան Սփիւռքի կարկինէն անդին:

Եթէ պիտի խօսինք Սփիւռքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու մասին, բնականաբար չենք կրնար մեկնակէտ ունենալ հսկայական տարբերութիւնները (թէեւ չենք ալ կրնար անտեսել զանոնք), այլ պէտք է որոնենք ու սահմանենք այն մարզերը, կալուածները, որոնք կը կազմեն գաղութներուն նմանութեան եզրերը, եւ այդ նմանութիւնները ծառայեցնել տարբերութիւններուն նսեմացման եւ հասարակաց վախճանական նպատակներու մարմնաւորման:

Անմիջապէս շեշտենք, որ արդի աշխարհը մեզի կ’ընծայէ այնպիսի միջոցներ, հնարաւորութիւններ, որոնք գոյութիւն չունէին անցեալին: Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումը ունի բազմերես բացասական գործօններ, սակայն նաեւ ունի դրական երեսներ, որոնք, ճիշդ օգտագործուելու պարագային, կրնան բարիքի վերածուիլ: (Այս իմաստով, որոշ եւ գոհունակութիւն առթող փորձեր կը կատարուին, սակայն կը մնան մասնակի, երբեմն «տեղայնական», սպասուած «համայնակուլ» ընթացքը շրջելու աստիճանին չեն հասած):

Տարբեր գաղութներու միջեւ նմանութիւնները բազմաթիւ են, ինչպէս իւրաքանչիւրին՝ տեղայնական ձեւով, նմանապէս ալ բոլորին դիմաց հասարակաց մարտահրաւէրներ դնելու առումով: Գործնական ըլլալու համար, թուենք քանի մը օրինակ: Սփիւռքեան գաղութները, այսինքն՝ ամբողջ սփիւռքը ունի հայապահպանման հրամայականը. սա կը նշանակէ պահպանել լեզուն, հաղորդ մնալ մեր պատմութեան, մշակոյթի զարգացման եւ ենթաբաժիններուն (հարցը լեզուագէտ, պատմագէտ եւ արուեստաբան ըլլալու մասին չէ, այլ՝ տարրական, հիմնական գիտելիքներու մթերման, այնքան մը, որ զանոնք իւրացնողը ո՛չ միայն ինքզինք հայ զգայ, այլ նաեւ հպարտ զգայ, որ ինչպիսի՛ ազգի մը ժառանգորդն է, նման բոլոր այն ազգերուն, որոնք այսօր աշխարհի բեմին վրայ կը կանգնին բարձրաճակատ, հետեւելով «մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում» սկզբունքին):

Նման պահանջէ մեկնելով, անհրաժեշտ կը դառնայ մշակումը լայն իմաստով ուսումնական-կրթական ծրագիրի մը, որ ո՛չ միայն պահպանէ որոշ մակարդակ, այլ այդ մակարդակը՝ ընդունելի նուազագոյն մակարդակը պարտադրէ աշխարհասփիւռ հայութեան:

Առաջին ակնարկով, աննուաճելի բարձունք մը կրնայ թուիլ ասիկա, սակայն գործը կը դիւրանայ, եթէ գաղութներու միջեւ ստեղծուի բաւարար հաղորդակցութիւնն ու փորձառութեանց փոխանակումը, որպէսզի ճշդուին գիտելիքներու նուազագոյն ընդունելի եւ անհրաժեշտ շտեմարանը եւ անոր հիմամբ ստեղծուին, օրինակ՝ դասագիրքեր ու մանուկներու, երիտասարդներու եւ այլ տարիքի հայերու յարմար ծրագիրներ: (Չենք անտեսեր առարկայական միւս տուեալը, չգործածելու համար «աղէտ» եզրը, որ կու գայ խառն ամուսնութիւններէ եւ Հայ Ընտանիք, մինչեւ իսկ Ընտանի՛ք հասկացութեան նսեմացումէն, թուլացումէն ու ջլատումէն):

Եւ որպէսզի չմնանք տեսականի եւ վերացականի մթնոլորտին մէջ, խօսինք երկու օրինակով, բացատրելու համար բոլորին համար հասարակաց ծրագիրներու կազմաւորման եւ տարածման մեր մտածումը:

Երբ պատանի մը հասնի ինքնաշարժ վարելու տարիքին, մասնագէտ մը անոր կը սորվեցնէ ինքնաշարժը կառավարելու գործնական ձեւերը, կու տայ նաեւ տեսական ծանօթութիւններ՝ ինքնաշարժին մասերուն վերաբերեալ: Թեկնածուին տրամադրութեան տակ կը դնեն ճամբաներու վրայ ի զօրու եղող օրէնքներու գրքոյկ մը, զոր վարորդը պէտք է իւրացնէ եւ համապատասխանաբար գրաւոր քննութիւն անցընէ: Տեսական եւ գործնական օրէնքներն ու վարժութիւնները ունենալով, անձը լիակատար վարորդ չ’ըլլար, այլ պէտք է որոշ ժամանակ փորձառութիւն ձեռք բերէ, որպէսզի ընդունելի վարորդի մը մակարդակը նուաճէ: Ո՛չ ոք կ’առարկէ նման դրութեան մը դէմ, եթէ կը ցանկայ ինքնաշարժ վարել: Իսկ ներկայ աշխարհին մէջ, ինքնաշարժ վարելը օդի, ջուրի եւ ճաշի չափ կարեւոր «կենսանիւթ» է: Երկրորդ օրինակը՝ տուեալ երկրի մը օրէնքներուն իմացումն է, անկախ անկէ, թէ այդ երկիրը ծննդավա՞յրդ ու մշտական բնակավա՞յրդ է, թէ հոն հասած ես իբրեւ գաղթական-ներգաղթող: Այս պարագային ալ, կայ տարրական օրէնքներու, գիտելիքներու շարք մը, որուն իմացումը անխուսափելի հրամայական է եւ գիտելիքներու նուազագոյն պաշարը՝ տուեալ երկին մէջ լուրջ հարցեր չդիմագրաւելու համար (իսկ ներգաղթողը, առանց անոնց իմացութեան, հպատակութիւն չի կրնար ձեռք բերել):

Այլ խօսքով, սփիւռքեան մեր գաղութները, եթէ իսկապէս կը հաւատան, որ հայապահպանումը անհրաժեշտ բան է մեր ազգի, գոնէ Սփիւռքի գոյատեւման ու զարգացման համար, պէտք է համակարգուած աշխատանք տանին, հասարակաց պահանջներու սահմանման ու արձանագրումին, ու անոնց հիմամբ՝ բազմապիսի ծրագիրներու (ոչ միայն ուսումնական-դաստիարակչական) մշակման համար: Կրկնենք. իտէալական եւ անիրականանալի բաներու մասին չենք խօսիր, այլ որոշ դժուարութիւններ ունեցող, բայց ոչ անկարելի նախաձեռնութիւններու մասին:

Նման համատարած եւ հասարակաց ծրագիրներու մշակումը պիտի ունենայ բնական այն արդիւնքը, որ աշխարհի որեւէ մէկ երկրին կամ քաղաքին մէջ բնակող հայը ինքզինք կամրջած պիտի ըլլայ այլ երկիրներու մէջ բնակող հայերու, նա՛եւ մայր հայրենիքին հետ, պիտի զգայ ու ապրի իբրեւ մէկ մեծ ամբողջութեան մասնիկը, համահաւասար՝ այլ օճախներու հայերուն: Նման առաջադրանքի նախնական ու շօշափելի օրինակները կարելի է սեպել այն հանդիպումները, որոնք տեղի կ’ունենան տարբեր գաղութներէ Հայաստան այցելող երիտասարդական, սկաուտական եւ աշակերտական խմբակներու միջեւ փոխյարաբերութեանց ու կապերու ստեղծումով: Ճիշդ է. կը խօսինք, արդէն, այլ տարածքի մը՝ Հայաստան-Սփիւռք տարածքին մէջ, սակայն կը կարծենք, որ այդ օրինակը տալով, աւելի լաւ բացատրած կ’ըլլանք մեր առաջարկը, դիտաւորութիւնը: Նման ծրագիրներու հետեւողական կիրարկումով ու զարգացումով, փորձառութիւններէ բխող հարստացումով, ատեն մը ետք սփիւռքեան միաւորներու միջեւ տարբերութիւնները աստիճանաբար կը նուազին, փոխադարձ ճանաչողութիւնը կ’ունենայ բարերար ազդեցութիւն եւ ներգործութիւն: Այս իմաստով, որքա՜ն աւելի բաղձալի պիտի ըլլար, որ Հայաստան-Սփիւռք համագումարները ըլլային ձեւականէ-քարոզչականէ անդին անցնող նախաձեռնութիւններ (հիմա անոնք ալ շոգիացած են), Հայաստան ունենար այս իմաստով Սփիւռքի հարցերու նախարարութիւն (վերջին տարիներուն նախարարութիւնն ալ նահանջած է գործակատարի մակարդակի), որուն առաքելութիւն տրուէր ո՛չ թէ սփիւռքեան գաղութներ «թափանցելու» (մէկ տարբերակը՝ խորհրդային տարիներուն ի գործ դրուած՝ տիրապետելու ծանօթ ճիգերուն), այլ Սփիւռքի ճանաչողութիւնն ու անոր հետ գործակցութիւնը հասցնէր տարբեր եւ օգտաւէտ մակարդակի: Լիբանան ունի այսպիսի առաքելութիւն ունեցող նախարարութիւն, Հայաստանի ունեցածն ալ զոհ գնաց «յեղափոխականներու քայլերթին»…

  • ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ

Սփիւռքի յաւելեալ կազմակերպումը եւ հզօրացումը անվիճելի հրամայական է (քիչ ետք կը խօսինք ասոր կրկնակի նպատակներուն մասին): Ներկայ աշխարհին մէջ, նիւթական միջոցները, տնտեսական ինքնաբաւութիւնը անխուսափելի հրամայականներ դարձած են: Անցած են այն ժամանակները (երանելի ժամանակներ), երբ ազգային կեանքը առաւելաբար յառաջ կը տարուէր նուիրաբերումով, հանգանակութիւններով, կամաւոր աշխատանքով (այդ երանելի ժամանակներուն բարի պտուղը եղաւ սփիւռքեան յետ-ցեղասպանութեան  գաղութներուն կազմակերպումն ու զարգացումը): Մեր այսօրուան կեանքին մէջ, ասոնք շարունակուող բարի աւանդութիւններ են, սակայն չենք կրնար մեր մատին ետին պահուըտիլ եւ ըսել, այս ընթացքը նախկին թափով ու տարողութեամբ ի զօրու է այսօր, պիտի շարունակէ ի զօրու մնալ վաղը եւս: Տնտեսական յանձանձումի բարեփոխումը (չըսելու համար՝ յեղաշրջումը) հրամայական է:

Հաւաքական կեանքը աւելի լաւ մակարդակի հասցնելու եւ աւելի դիւրին կառավարելու համար (ինչպէս կ’ընեն անհատ ընտանիքներ), անհրաժեշտ են տնտեսական միջոցներու-պայմաններու տարբեր ու այժմէական դրութիւններով կազմակերպումը, ենթահողի հզօրացումը, մասնագիտական դրութիւններու որդեգրումը: Որքան ալ ըսենք, որ նիւթականը առաջնակարգ չէ, այսօրուան աշխարհը, մեզմէ անկախ եւ քիչ մըն ալ հակառակ մեր կամքին, նախկինէն տարբեր հրամայականներ ու հարկադրանքներ կը ստեղծէ: Սա նորութիւն չէ, նորութիւն պիտի ըլլայ՝ համապատասխան տարողութեամբ վերցնել նետուած ձեռնոցը: Ու եթէ ստեղծուի նիւթական-տնտեսական ինքնաբաւարարութիւն, անկէ քայլ մըն ալ անդին երթալով՝ ստեղծուին հասոյթի, եկամուտի մնայուն եւ ճիշդ կառավարելի աղբիւրներ, արդէն մեր հաւաքական կեանքը դրած կ’ըլլանք շա՛տ աւելի հեզասահ ընթացքի մէջ: (Ի՜նչ խօսք, որ նոյն տրամաբանութիւնը ի զօրու է նաեւ մեր հայրենիքին համար, այսինքն՝ սա ձեւով մը պետական մտածողութեան զարգացում կը նշանակէ):

Կարճ խօսքով, սփիւռքեան գաղութներու միջեւ հասարակաց գետիններ որոնելու եւ համակարգումի ճամբով՝ հայկականութեան բարելաւման ծրագիրներ ի գործ դնելու համար, կենսական են նիւթական միջոցները: Սա մէկ օրէն միւսը ստեղծուելիք համակարգ չէ, սակայն անհրաժեշտ է տարբեր աշխարհահայեացքի եւ տեսլականի, հորիզոններու պատկերացում, սակայն նաեւ տուեալ երկրի մը կամ աշխարհատարածքի մը մէջ օրինական հնարաւորութիւններու պեղում, օգտագործում: (Անհատներ կ’ընեն, իսկ հաւաքական կեանքի մէջ մանր գետակները անբաւարար չափով ոռոգող չեն):

Առաջին մակարդակով, պէտք է որդեգրել այնպիսի մօտեցում, հորիզոն, որ սփիւռքեան գաղութներէն իւրաքանչիւրը դառնայ ինքնաբաւ, ինքզինք ապահովէ մնայուն եկամուտ(ներ)ով, հոգացուին դպրոցներու, մամուլի, միութիւններու եւ ազգային հաստատութիւններու, այսինքն՝ գաղութին տարրական, ապա նաեւ զարգացման, բարելաւման կարիքները: Չենք խօսիր անիւի գիւտը ընելու կամ անիրականանալի երազներու մասին, այլ աչքի առջեւ ունինք այլ ժողովուրդներու եւ հաստատութիւններու (օրինակի համար՝ եկեղեցիներ) փորձառութիւնները, անոնց որդեգրած եւ օրէնքներուն համապատասխանող դրութիւնները:

Սփիւռքեան իւրաքանչիւր օճախի ինքնաբաւութիւնը, ապա նաեւ զարգացման, բարգաւաճման նախադրեալներու ստեղծումը, յաջորդ փուլին, պիտի ստեղծէ վիճակ, որ աւելի պիտի դիւրացնէ մէկզմէկու օգնութեան հասնելու կարելիութիւնները, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ հայրենիքին ձեռք երկարելու հնարաւորութիւնը (հոս ալ կարելի է աչքի առջեւ ունենալ այլոց փորձառութիւնները): Օրինակները հազուադէպ չեն: Արձանագրենք մէկ քանին: Լիբանան 1975-ին բռնուեցաւ քաղաքացիական կոչուած պատերազմի մը ոլորապտոյտին մէջ, որ տարբեր արտայայտութիւններով այսօր ալ բազմերես տագնապի մէջ կը պահէ այդ երկիրը: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ սփիւռքեան օճախներ, մերթ ընդ մերթ նաեւ մայր հայրենիքը օգնութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանի հայութեան, սակայն նաեւ գիտենք, որ սպասուածին հասնելու համար, մեր կարողութիւններն ու կարողականութիւնը սահմանափակ են: Նման վիճակներու մատնուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի մեր օճախները, Իրանի գաղութը կը թուի աւելի ինքնաբաւ ըլլալ…: Սփիւռքը  նաեւ օգնութեան ձեռք երկարած է հայրենիքին, երկրաշարժէն ետք թէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով: Որքան ալ որ գովելի եւ հպարտառիթ են նման օժանդակութիւններ, գիտենք, որ անոնք մնացած են որոշ սահմաններու մէջ:

(Շար․ 2)