Ակնարկ.- Համահայկական Ցունամիի Մը Հրամայականը (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Աշխարհի մեծ իրադարձութիւններէն մեկուսի ինկած արշիպեղագոսի մը մէջ, որ կը կոչուի Թոնկա, 14 եւ 15 Յունուարին տեղի ունեցաւ բնական աղէտ մը, որ ահազանգի ալիքներ տարածեց մինչեւ հազարաւոր քիլոմեթէ հեռուները գտնուող ծովափերուն: Ընդծովեայ հրաբուխ մը, որ յաճախ «մանր» բորբոքումներ ունեցած է անցեալ տարիներուն, պայթեցաւ այնպիսի ուժգնութեամբ մը, որուն հետեւանքով ստեղծուած ցունամիի ալիքները հասան մէկ կողմէ՝ մինչեւ Ճափոն ու Չինաստանի, իսկ դէպի արեւելք՝ Միացեալ Նահանգներու ու Խաղաղականը եզերող երկիրներու ափերը:

Եղածը բնական աղէտ մըն էր. երեք օր անց, օղակ առ օղակ կը պարզուին արձանագրուած վնասները: Շուրջ 170 կղզիէ բաղկացած արշիպեղագոսին մէկ կղզին յայտնապէս կիսովին գոյութիւն ունենալէ դադրած է, շուրջ 100.000 բնակիչ ունեցող երկիրը մատնուած է ծանր  տագնապի, ծուխի ամպը այլապէս սպառնալիք տարածած է նա՛եւ աւելի հեռուները: Մասնաւորապէս Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա եղան օգնութեան ձեռք երկարող առաջին երկիրները: Աղէտին ծալքերն ու մանրամասնութիւնները պիտի յստականան շուտով:

Մէկ բան յստակ է. արձանագրուած աղէտը հրաբխային նման պատուհասներու տարեգրութեան մէջ ամէնէն ահաւորներու շարքին է. միակ բարեբախտութիւնը կարելի է սեպել այն, որ Թոնկայի կղզիներէն շատերը անմարդաբնակ են: Անմիջական համեմատութիւններ կատարուեցան նմանօրինակ բազմաթիւ աղէտներու, որոնցմէ մէկը տեղի ունեցած է 1883-ին, Ինտոնեզիոյ շրջանի Քրաքաթոա կղզիին մէջ. անիկա կը նկատուի շարժային արձանագրութիւններու դարաշրջանի ամէնէն մեծ աղէտը: Ի դէպ, այդ աղէտը մէկ օրուան մէջ չէ պատահած, այլ բարձրակէտին հասած է մօտաւորապէս քանի մը ամիս տեւած իրերայաջորդ շարժերէ եւ բորբոքումներէ ետք. նման հետւողութեամբ, Թոնկայի մէջ պատահածն ալ շաբաթներ ու ամիսներ տեւած ալիքներու մէկ բարձրակէտը կը հանդիսանայ, կրնայ կրկնուիլ՝ ըստ մասնագէտներու:

Բնականաբար գիտնականներ ու մարդասէրներ, քիչ մըն ալ քաղաքական աշխարհը կլանուեցան բնական այս աղէտէն ծնած ալիքներով: Լրատու աղբիւրներ օրէ օր ու ժամ առ ժամ նորութիւններ կը հաղորդեն հետեւանքներուն մասին: Այլ խօսքով, եթէ ցունամիի նիւթական ալիքը արդէն մարած է, անոր ստեղծած այլ ալիքները կը շարունակեն հետաքրքրել ու մտահոգել մարդկութիւնը, եւ ո՛չ միայն խաղաղականեան յիշեալ գօտիին երկիրները:

***

Թոնկան եւ շրջակայ գօտին հարուածած աղէտին օրերուն, քաղաքական աղէտ մը արձանագրուեցաւ մեր՝ հայութեան կեանքին մէջ. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները 14 Յունուարին կարճատեւ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, հաւաստելով, որ կը ցանկան բանալ բարեկամական յարաբերութիւններու էջը, գործակցութեան դաշտեր որոնել-ստեղծել:

Հայկական քաղաքական բեմին վրայ այդ հանդիպումին նախատեսութիւնը ստեղծած էր այլ տեսակի ցունամի մը, որ յաջորդող օրերուն նոր օղակներ եւ ծաւալ ստացաւ (ու յայտնապէս պիտի շարունակուի): Իշխանութեան «զօրակայան»-ը հազար ու մէկ աղբիւրէ ջուր կը բերէ, արդարացնելու համար իր առած քայլը, կը փորձէ հանրութիւնը համոզել, որ «առանց նախապայմանի» բանակցութեան նստիլը շուտով տնտեսական բարիքներ պիտի բերէ Հայաստանին: Ընդդիմադիր ճակատները՝ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական (նկատի չունինք այն «ընդդիմադիրներ»-ը, որոնք իշխանաւորներու թմբկահարները դարձած են ինչ-ինչ ակնկալութիւններով, հաշիւներով ու… թելադրանքներով), ինչպէս նաեւ մտաւորականներ (պատմագէտ, արուեստագէտ եւ այլն), ազգային գիծին հաւատարիմ քաղաքական դէմքեր (ասոնք անպայման մաս չեն կազմեր ընդդիմադիրներու փաղանգին, սակայն կը մտածեն անոնց նման, հա՛յօրէն), տասը հազար ու մէկ աղբիւրէ փաստեր կը ներկայացնեն, թէ պահը ինչո՛ւ անյարմար է նման բանակցութիւն բանալու, բաց աչքերով կը տեսնեն, եւ աչք ունեցողներուն ալ ցոյց կու տան, որ «առանց նախապայմանի բանակցութեան սեղանին եկող» Թուրքիան (ու անոր ետին ծուարած Ազրպէյճանը) իրողապէս ինչպիսի՛ ահաւոր նախապայմաններ դրած են եւ դիմակը շուտով վար պիտի դնեն (եթէ եղածը դիմակ նկատենք): Բազում վտանգներուն շարքին, մասնաւորաբար կը կրկնուի ու կը կրկնուի այն, որ թուրք-ազերիական ճակատը կը պահանջէ վերջնականապէս հրաժարիլ Արցախի տիրութենէն (մեծ մասը արդէն կուլ տրուած է աւելի քան տարիէ մը ի վեր), տեղի տալ Սիւնիքի վրայով «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրենց պահանջին առջեւ (կը հասկցնեն, որ Արցախը տալով՝ Հայաստան տակաւին պէտք չէ մտածէ հանգիստ ապրելու եւ բարօրութիւն կերտելու մասին), հայութեան հորիզոններուն դիմաց կը տարածեն նոյնինքն Հայաստանէն նոր հողամասեր խլելու «խոստումներ» (սկսելով Սիւնիքէն, սահմանամերձ գօտիներէ մինչեւ… Սեւան ու Երեւան): Տակաւին, դարձեալ սեղանի վրայ դրուած է, յայտարարութիւններու ճամբով, Ցեղասպանութենէն ծնած մեր պահանջներէն հրաժարելու նախապայմանը, որուն կցուած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մեր պահանջատիրութեան գերեզմանումը: Սա իբրեւ «կցորդ» ունի Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմէն աւելի՛ հեռացնելու նենգամիտ դաւը:

Այս բոլորին դիմաց, հարց կը ծագի, թէ որքա՞ն առաջնահերթ են այն մտահոգութիւնները, թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ փորձառութիւն, վաստակ եւ… յանձնառութիւններ ունի Հայաստանի կողմէ բանակցողը, իր ուսանողութեան օրերէն՝ ան արդեօք ուղղակի կամ անուղղակի, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մտա՞ծ է թրքական յանձնարարութիւններու տակ, թէ՝ արդեօք իշխանաւորներուն պատրանքները եւ հաւաստիքները կրնա՞ն համոզիչ ըլլալ Հայաստանի եւ հայութեան շահերով իսկապէս նախանձախնդիրներուն համար, կամ, տակաւին, բաղդատութիւններ ընել Ղազախստանի ծանօթ դէպքերուն, Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն (եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. նախկին «աստղ» մը՝ Փորոշենքոն, ճիշդ այս օրերուն վերստին կը ծագի Ուլքրայինայի քաղաքական բեմին վրայ):

***

Ո՛չ մէկ կասկած, որ Թուրքիա-Հայաստան առաջին հանդիպումէն առաջ եւ ետք ի յայտ եկած մտահոգութիւնները արդար են ու անկէ բխող մեկնաբանութիւնները՝ տեղին, խաւ առ խաւ կը քողազերծեն իշխանաւորներու պաշտպանողականին սնանկութիւնը (շատ քիչ կը խօսուի այն մասին, թէ հաւանաբար գրաւներ կը դրուին, որ Արեւմուտքը կրնայ նոր կէտեր շահիլ Ռուսիոյ եւ անոր հովանին վայելողներու դաշտէն ներս եւ Հայաստանն ալ կրնայ օգտուիլ ստեղծուելիք՝ մի՛շտ հաւանական ալիքներէն, սակայն այդ մօտեցումը կ’անտեսէ պարզ այլ իրականութիւն մը, որ Արեւմուտքն ու Թուրքիա կը գտնուին նոյն խրամատին մէջ, հետեւաբար, Արեւմուտքին վերագրուած հաւանական յառաջխաղացքները խորքին մէջ մեծ խոստումներ չունին մեր պահանջներուն դիտանկիւնէն): Պէտք չունինք երկար խօսելու նոյն սնանկութիւնը մտանող այլ իրականութեան մէը մասին, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հազիւ տարի մը առաջ ինչպիսի՜ թշնամանք կիրարկեցին եւ յիշեցուցին Ցեղասպանութեան ու փոկրոմի պատկերները, իսկ վերջերս, թրքատիպ հայանուն դրածոյ մը հարց կու տար, թէ թուրքերը ե՞րբ է որ հայեր ջարդած են վերջին տասնամեակներուն…

Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ եւ հովանիին տակ կայացած հանդիպումը այլապէս երկար մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմէն ահաւասիկ աւելի քան տարի մը ետք (այդ օրերուն, աշխարհը «Զաքարիայի պապանձումը» կ’ընդօրինակէր ըստ ամենայնի), բացուած է լեզուն բոլոր «մանկիկներուն» եւ միաբերան կը գնահատեն, կ’ողջունե՜ն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խաղաղասիրութիւնը, բարեկամութեան էջ բանալու ձգտումը (սա պարզապէս ցուցանիշ է, որ ամէն մէկը իր շահերուն եւ հաշիւներուն դիտանկիւնէն կ’արժեւորէ կացութիւնն ու ընթացքը, աւելի քան աղաղակող է, թէ Հայաստանի-Արցախի եւ հայութեան ակնկալութիւններն ու անվիճելի իրաւունքները լայն տեղ չունին այդ հաշուարկներուն մէջ): Եւ այս ո՛չ-շահաբեր ընթացքը ճամբայ կ’ելլէ Հայաստանի իշխանութիւններուն կամաւոր պատրաստակամութեամբ, մինչեւ իսկ խանդավառ քարոզչութեան ընկերակցութեամբ, ճամբաներու եւ երկաթուղինւերու նորոգութեան քայլեր կ’առնուին:

Մինչդեռ, մեր ա՛յսօրով ու անմիջական թէ հեռաւոր ապագայո՛վ մտահոգ ոեւէ հայէ կ’ակնկալուի, որ լուռ չկանգնի հայրենակործան ու ըստ էութեան հայաջինջ այս «երթ»ին դիմաց, այլ աշխարհով մէկ ի՛ր ցունամին բարձրացնէ անոր դէմ:

44-օրեայ պատերազմէն ետք, երբ այսօրուան կորստաբեր ընթացքին առաջին շօշափելի նախանշանները տեսնուեցան, ու մեր ժողովուդը մնաց կրաւորական (փաստօրէն, ազգի ու հայրենիքի փրկութեան շարժումները դիմաւորուեցան անտարբերութեամբ, շատեր գերի մնացին «հիները պէտք չէ վերադառնան»-ի իշխանաւորներուն քարոզչութեան, մինչդեռ հարցը «հինի-նոր»-ի պայքար չէր, այլ նոյնինքն հայրենիքը փրկելու կամ ձեռքէ հանելու խաչմերուկին դիմաց զգալը, այսօ՛ր ալ այդպէս է), ըսուեցաւ, որ ժողովուրդը «շոքի մէջ է», ծանր հարուածը ձեւով մը զգայազիրկ դարձուցած է զանգուածը, հազարաւոր զոհերու, վիրաւորներու եւ հսկայական վնասներու դիմաց կանգնիլը՝ շշմեցուցած է մեծամասնութիւնը: Անտարբերութիւնը տարբեր արտայայտութիւններ ունեցաւ (օրինակ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցողներու փոքր թիւը), ու կրկնուելով կրկնուեցաւ, թէ «շոքը չէ փարատած»: Եւ հիմա, երբ «շոքը» վերածուած է թրքական թոյնը քողարկող… շոքոլայի, անիկա կը մատուցուի չես գիտեր ի՜նչ մասնակի հաշիւներ հետապնդող (կամ թելադրանքներով շարժող) իշխանաւորներուն կողմէ, հայկական աշխարհը ըստ ամենայնի կառչած կը մնայ անտարբեր կրաւորականութեան:

***

…Աւելի քան 10 տարի առաջ, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բացուեցաւ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» բեմին վարագոյրը, երբ սեղանի վրայ դրուեցաւ փրոթոքոլներու թղթածրարը, հայաշխարհը տարբեր նկարագիր ցուցաբերեց: Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին՝ բողոքի, ընդվզումի եւ «ոչ»ի հսկայ ալիք մը բարձրացաւ ընդդէմ այդ ուղիին մէջ մտած իշխանութիւններուն: Եթէ «ո՛չ»ն ու «մի՛ ստորագրէք»ը անմիջականօրէն ուղղուած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ գործակիցներուն դէմ, անիկա նոյն ուգնութեամբ ուղղուած էր նաեւ բոլոր անոնց դէմ, որոնք (Հիլըրի Քլինթընի աւելի ուշ կատարած բացայայտումին բառերով) Հայաստանի բազուկը կ’ոլորէին, որպէսզի ընդունի նուաստացուցիչ եւ մեր դարաւոր իրաւունքները փոշիացնելու ձգտող համաձայնագիրը: Փրոթոգիլներուն ճակատագիրը, տեսանք, թէ ի՛նչ եղաւ: Ու թէեւ Թուրքիոյ թաքուն հաշիւներուն բացայայտումը ի վերջոյ պատճառ դարձաւ իր իսկ կողմէ այդ ուղիին խափանման, բոլորովին կարելի չէ անտեսել հայութեան այդ օրերու գրեթէ միահամուռ բողոքն ու պահանջատիրութիւնը՝ քաղաքական-դիւանագիտական այդ ձախաւերութեան կանխարգիլման մէջ:

Հայաստանի բազուկը այսօ՛ր ալ կ’ոլորեն, եւ քանի՜-քանի «բարեկամներ» իրենց ձեռքերը միացուցած են, որպէսզի Հայաստանի բազուկը քիչ մը աւելի ուժեղ ու ցաւցնող ձեւով ոլորուի: Իշխանաւորները, ինչպէս նշեցինք, կամովին իրենք զիրեն եւ մեր պետութիւնը ենթակայ դարձուցած են նման ճնշումի, մրցավազքի մէջ են դէպի կորուստ(ներ) տանող ճամբուն մէջ: Հայութիւնը՝ Արցախին ու Հայաստանին, հայկական պետութեան պահպանման նախանձախնդիր մեր զանգուածը որքա՞ն ժամանակիը պէտք ունի տակաւին, որպէսզի թօթափէ սա «շոք» ըսուածը, շարժման մէջ դնէ ինքզինք եւ բոլորուի ընդդիմադիր ճակատին շուրջ, մինչեւ իսկ պարտադրէ ընդդիմադիրներուն, որ արդիւնաբեր գործի՛ փուլը բանայ, ըսէ, որ զանգուածը դէմ է իշխանաւորներուն կորստաբեր ընթացքին (որուն ծալքերուն մեծ մասը կը մնայ անյայտ, «ժողովուրդին կամքը կը կատարենք» ըսողները սովորութեան վերածած են գաղտնի համաձայնութիւններով առաջնորդուիլն ու գործելը եւ ահա, խորհրդարանի բեմէն կը ժպրհին յայտարարել, թէ պիտի ընեն ինչ որ իրենք կ’ուզեն, կամ՝ ինչ որ… կը թելադրուի իրենց):

Մեր գիտակից զանգուածը նոյնն էր փրոթոքոլներու մերժումին օրերուն, նոյնն է այսօր եւս: Չկայ ուժ մը, որ կարենայ կոտրել հայութեան հաւաքական կամքը, ոչնչացնել մեր արդար իրաւունքներէն բխող պահանջները, ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ: Ճիշդ է. այսօրուան պայմանները նման չեն փրոթոքոլներու պարտադրանքի պայմաններուն, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, «ինկած ենք» տկար վիճակի մէջ, սակայն նաեւ պէտք չէ արհամարհել ներքին ու շրջանային-միջազգային ցունամի յառաջացնելու մեր կամքն ու կարողականութիւնը,

Որովհետեւ,

Միւս ընտրանքը՝ իշխանաւորներուն մտած ուղին մեզ պիտի տանի հերքելու մեր պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, մշակոյթն ու տնտեսութիւնը, նոյնինքն հայութեան գոյութիւնը եւ արարումները, չիք պիտի դարձնէ Հայ Դատի հետապնդման աւելի քան վեց տասնամեակներու յառաջընթացը, պիտի ծանրացնէ Թուրքիոյ ուրացման եւ ժխտողականութեան նժարը: Եթէ տակաւին կան այս դառն իրականութիւնները չտեսնողներ, աչքերը բանալ մերժողներ, իմաստանալու եւ ձեռքերը միացնելու պահը այսօ՛ր է:

Սպասուած ցունամին պիտի ունենայ շարժային երկու կեդրոն (ի տարբերութիւն բնական երկրաշարժներուն): Մեր ցունամիին շարժիչ ուժերը պիտի ըլլան Հայաստան-Արցախն ու Սփիւռքը, միասնաբար, զուգահեռաբար, ձայներու եւ ձեռքերու, բայց մանաւանդ քաղաքական կարողութեանց ու կարողականութեանց միացումով: Չմոռնանք, որ թրքական յորդորներուն մէջ անգամ մը եւս կը շեշտուի Հայաստանը Սփիւռքէն անջատելու, մինչեւ իսկ զանոնք իրարու հակադրելու հին վարքագիծը: Ու մեր ցունամին առաջին հերթին պիտի ուղղուի մեր դարաւոր ու անհաշտ, խաբեպատիր թշնամիին դէմ, ապա միայն՝ անոր թելադրանքներուն ենթարկուող Երեւանի իշխանաւորներուն, համապատասխան պատգամներ պիտի հասցնէ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն եւ հովանաւորներուն: Հրամայական ցունամիին յառաջացման մասնակից պիտի ըլլան հայկական բոլոր կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները, միութիւնները, մշակութային եւ այլ միաւորները, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ փրոթոքոլներուն դէմ բարձրացուած ցունամիին օրերուն:

Հայաստանի ու Սփիւռքի ձեռքերն ու կամքը չեն կրնար չմիանալ այս նպատակին ի խնդիր: Թող ո՛չ ոք կոչերու կամ հրաւէրներու սպասէ, քանզի 44-օրեայ պատերազմին ծայր առած նորագոյն Սարդարապատը կը շարունակուի այսօր: Ելքը կախում ունի մեր կամքէն ու պայքարէն, նոր յաղթանակները չեն կրնան ընդմիշտ վրիպիլ մեզմէ, խոչընդոտուիլ թշնամիէն ու բարեկամներէ: